altԼրագրող Արմէն Վարդանեան կը գրէ, թէ ռուս օփերայի երգչուհի Լիւպով Քազարնովսքայայի անունը դրուած է Ատրպէյճանի «սեւ ցանկ»ին մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղ տուած անոր այցելութենէն ետք:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ նախօրէին յայտարարած է, որ «Լիւպով Քազարնովսքայա խախտած է «Ատրպէյճանի պետական սահմանին մասին» օրէնքը» եւ «օփերայի երգչուհիին անունը ներառուած է Ատրպէյճանի մէջ անցանկալի անձերու ցանկին մէջ»:
Ի պատասխան՝ երգչուհին նշած է, որ իր անունը անցանկալի անձերու ցանկին մէջ ներառելէն աւելի մեծ յիմարութեան մասին կարելի չէ մտածել։ «Ես Լեռնային Ղարաբաղ գացած եմ մշակութային առաքելութեամբ: Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը չ՛ուզեր պատերազմ, անոնք կ՛ուզեն խաղաղութիւն, կ՛ուզեն երեխայ ծնիլ, կ՛ուզեն, որ երաժշտութիւնը հնչէ: Դուք չէք կրնար պատկերացնել որքան սէր, ուրախութիւն ստացած ենք մենք հոն: Մարդիկ բարձրաձայն կը պոռային՝ շնորհակալութիւն երաժշտութեան համար»,- յայտնած է երգչուհին՝ ըստ ՏԱՍՍ գործակալութեան:
Լիւպով Քազարնովսքայայի համաձայն՝ ինք երջանիկ է, որ սեւ ցանկին մէջ տեղ գտած է Մոնսերաթ Քապալիէի կողքին: «Մարդկութեան ոգին քաղաքականութենէն, յարձակողականութենէն դուրս է, երաժշտութիւնը աստուածային պատգամ է»,- հաստատած է ան: