altՍեպ­տեմ­բեր 21ին, Հ.Օ.Մ.ի Հա­յաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թիւ­նը, «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­բօ Պո­ղի­կեա­նի եւ Հ.Յ.Դ. Գե­րա­գոյն Մարմ­նի ան­դամ, Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի մաս­նա­կից Պետ­րոս Մեղ­րեա­նի հետ, այ­ցե­լած է հայ­րե­նի­քի սահ­ման­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ըն­թաց­քին հա­կա­ռա­կոր­դի գնդա­կէն զո­հո­ւած 40ա­մեայ զին­ծա­ռա­յող Հայկ Դե­ւո­յեա­նի ըն­տա­նի­քին: Հե­րո­սի ըն­տա­նի­քին այ­ցե­լու­թեան օ­րը պա­տա­հա­կա­նօ­րէն չէր ընտ­րո­ւած. Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան օրն էր, որ ձեռք բե­րո­ւած է պայ­քա­րի, ա­րեան եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­մախմ­բո­ւա­ծու­թեան շնոր­հիւ: Այդ ձեռք բե­րո­ւած ան­կա­խու­թեան պահ­պան­ման հա­մար իր կեան­քը նո­ւի­րա­բե­րած էր նաեւ Հայկ Դե­ւո­յեան, որ եր­կու որ­դի­նե­րու եւ ե­րեք դուստ­րե­րու հայր էր: «Ո՛չ մէկ նա­հա­տակ զի­նո­ւո­րի ըն­տա­նիք կա­րի­քա­ւոր պէտք է մնայ» կար­գա­խօ­սով՝ սփիւռ­քի հա­յոր­դի­ներ ի­րենց նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րով (4600 տո­լար) Հա­յաս­տա­նի Նո­րա­շէն գիւղ ու­ղար­կած էին «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­բօ Պո­ղի­կեա­նը: Հ.Օ.Մ.ի Հա­յաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թիւ­նը եւս չէր կրնար ա­ջա­կից չըլ­լալ եւ իր ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին չու­նե­նալ Հայ­կի բազ­մա­զա­ւակ ըն­տա­նի­քը, ո­րուն ա­մե­նակրտ­սե­րը չորս տա­րե­կան Ար­մանն է: Հ.Օ.Մ.ի Հա­յաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Նա­րի­նէ Գալս­տեան եւ Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան ան­դամ Դիա­նա Յով­սէ­փեան նշե­ցին, որ Հ.Օ.Մ.ը իր հիմ­նադր­ման օ­րէն իսկ միշտ ե­ղած է հայ զի­նո­ւո­րին կող­քին: Այ­ցե­լու­նե­րը ի­րենց ե­րախ­տա­գի­տու­թեան խօս­քը յայտ­նե­ցին հե­րո­սի ըն­տա­նի­քին:

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նար­կի տնօ­րէն Հայկ Դե­մո­յեան, հա­ւաք­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու իբ­րեւ ար­դիւնք՝ քա­նի մը օր ա­ռաջ յա­ջո­ղած է ձեռք բե­րել 1915 թ. ան­յայտ լու­սան­կա­րի մը բնօ­րի­նա­կը: Այս մա­սին Facebookի իր է­ջին գրած է եւ լու­սան­կա­րը տե­ղադ­րած թան­գա­րան-հիմ­նար­կի տնօ­րէ­նը` նշե­լով,

Կի­րա­կի՝ Սեպ­տեմ­բեր 13ին, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ շրջա­նի «Ար­ցախ Ֆոնտ»ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նարկ մը, տէր եւ տի­կին Հե­րի եւ Քաթ­րի­նա Կ­լո­րի­կեան­նե­րու եր­դի­քին տակ: Հիւ­րա­սի­րու­թե­նէ ետք, խօսք ա­ռաւ օ­րո­ւան հան­դի­սա­վա­րը՝ Անդ­րա­նիկ Գաս­պա­րեան, որ յայտ­նեց թէ Ար­ցա­խի հա­մար մղո­ւած պայ­քա­րը յի­շա­տա­կե­լի է

22 Սեպ­տեմ­բե­րին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ Նալ­բան­դեան հան­դի­պում ու­նե­ցած է կա­թո­ղի­կէ հա­յոց Գ­րի­գոր Պետ­րոս Ի. Կա­թո­ղի­կոս-­Պատ­րիար­քին հետ:

Նա­խա­րար Նալ­բան­դեան ընտ­րու­թեան ա­ռի­թով ջեր­մօ­րէն շնոր­հա­ւո­րած է Հո­գե­ւոր Տէ­րը: Յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­լով Գ­րի­գոր Պետ­րոս Ի.ին` իր վեհ ա­ռա­քե­լու­թեան

Հա­յաս­տա­նի Ե­լեկտ­րա­կան Ցան­ցե­րու (Հ.Ե.Ց.) տէ­րը՝ ռու­սա­կան INTER RAO UES ըն­կե­րու­թիւ­նը դի­մած է Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան, ան­կէ ստա­նա­լու հա­մար հա­յաս­տա­նեան իր մաս­նա­ճիւ­ղին բաժ­նե­թուղ­թե­րուն 100%ը վա­ճա­ռե­լու ար­տօ­նու­թիւն: Այդ բաժ­նե­թուղ­թե­րը պի­տի գնէ Կիպ­րո­սի օֆ­շո­րա­յին գօ­տիի մը մէջ