altՍեպ­տեմ­բեր 21ին, Հ.Օ.Մ.ի Հա­յաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թիւ­նը, «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­բօ Պո­ղի­կեա­նի եւ Հ.Յ.Դ. Գե­րա­գոյն Մարմ­նի ան­դամ, Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի մաս­նա­կից Պետ­րոս Մեղ­րեա­նի հետ, այ­ցե­լած է հայ­րե­նի­քի սահ­ման­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ըն­թաց­քին հա­կա­ռա­կոր­դի գնդա­կէն զո­հո­ւած 40ա­մեայ զին­ծա­ռա­յող Հայկ Դե­ւո­յեա­նի ըն­տա­նի­քին: Հե­րո­սի ըն­տա­նի­քին այ­ցե­լու­թեան օ­րը պա­տա­հա­կա­նօ­րէն չէր ընտ­րո­ւած. Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան օրն էր, որ ձեռք բե­րո­ւած է պայ­քա­րի, ա­րեան եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­մախմ­բո­ւա­ծու­թեան շնոր­հիւ: Այդ ձեռք բե­րո­ւած ան­կա­խու­թեան պահ­պան­ման հա­մար իր կեան­քը նո­ւի­րա­բե­րած էր նաեւ Հայկ Դե­ւո­յեան, որ եր­կու որ­դի­նե­րու եւ ե­րեք դուստ­րե­րու հայր էր: «Ո՛չ մէկ նա­հա­տակ զի­նո­ւո­րի ըն­տա­նիք կա­րի­քա­ւոր պէտք է մնայ» կար­գա­խօ­սով՝ սփիւռ­քի հա­յոր­դի­ներ ի­րենց նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րով (4600 տո­լար) Հա­յաս­տա­նի Նո­րա­շէն գիւղ ու­ղար­կած էին «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­բօ Պո­ղի­կեա­նը: Հ.Օ.Մ.ի Հա­յաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թիւ­նը եւս չէր կրնար ա­ջա­կից չըլ­լալ եւ իր ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին չու­նե­նալ Հայ­կի բազ­մա­զա­ւակ ըն­տա­նի­քը, ո­րուն ա­մե­նակրտ­սե­րը չորս տա­րե­կան Ար­մանն է: Հ.Օ.Մ.ի Հա­յաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Նա­րի­նէ Գալս­տեան եւ Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան ան­դամ Դիա­նա Յով­սէ­փեան նշե­ցին, որ Հ.Օ.Մ.ը իր հիմ­նադր­ման օ­րէն իսկ միշտ ե­ղած է հայ զի­նո­ւո­րին կող­քին: Այ­ցե­լու­նե­րը ի­րենց ե­րախ­տա­գի­տու­թեան խօս­քը յայտ­նե­ցին հե­րո­սի ըն­տա­նի­քին: