22 Սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքին հետ:
Նախարար Նալբանդեան ընտրութեան առիթով ջերմօրէն շնորհաւորած է Հոգեւոր Տէրը: Յաջողութիւն մաղթելով Գրիգոր Պետրոս Ի.ին` իր վեհ առաքելութեան մէջ, նախարարը նշած է.- «Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան ըլլալու ժամանակահատուածին ձեզի հետ Փարիզի մէջ երկար տարիներ սերտօրէն գործակցելու բարեբախտութիւնն ու պատիւը ունենալով` անձամբ ականատես եղած եմ ձեր արգասաբեր գործունէութեան իբրեւ Ֆրանսայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ»: Զրուցակիցները անդրադարձած են Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած Ս. Պատարագին կարեւորութեան եւ անոր կողմէ յղուած ուղերձին, որ ինքնին հայ ժողովուրդին հետ համերաշխութեան եւ զօրակցութեան կարեւոր դրսեւորում էր, եւ աջակցութիւն` մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւններու, ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման միտող միջազգային հանրութեան ջանքերուն: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ծիրին մէջ կատարուող նախաձեռնութիւններուն մասին` ընդգծելով Հայաստանի եւ սփիւռքի կառոյցներուն սերտ համագործակցութեան եւ ջանքերու համադրման կարեւորութիւնը: