Սեպ­տեմ­բեր 18-20ին «Yerevan EXPO» ցու­ցա­հան­դէ­սա­յին հա­մա­լի­րին մէջ LOGOS EXPO Center ցու­ցա­հան­դէ­սա­յին ըն­կե­րու­թիւ­նը եւ Հա­յաս­տա­նի Ար­դիւ­նա­բե­րող­նե­րու եւ Գոր­ծա­րար­նե­րու (­Գոր­ծա­տու­նե­րու) միու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­ցին «Armenia EXPO 2015» 15րդ մի­ջազ­գա­յին ա­ռեւտ­րա-ար­դիւ­նա­բե­րա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սա­յին ֆո­րու­մը: «Armenia EXPO 2015» ցու­ցա­հան­դէ­սա­յին ֆո­րու­մը կը հան­դի­սա­նայ մեծ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն ոչ միայն Հա­յաս­տա­նի, այ­լեւ ամ­բողջ տա­րա­ծաշրջա­նին մէջ:

Ա­նի­կա մէկ յար­կի տակ կը հա­ւա­քէ տնտե­սու­թեան տար­բեր ճիւ­ղե­րը ներ­կա­յաց­նող 100է ա­ւե­լի կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը ցու­ցադ­րեն տար­բեր ապ­րանք­ներ եւ ծա­ռա­յու­թիւն­ներ:

Ար­տա­սահ­մա­նեան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հե­տաքրքրու­թիւ­նը կը մեծ­նայ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան տար­բեր ո­լորտ­նե­րու նե­րու­ժին նկատ­մամբ, իսկ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը լաւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն է նոր գոր­ծա­րար կա­պեր հաս­տա­տե­լու հա­մար: