Հա­յաս­տա­նի Ե­լեկտ­րա­կան Ցան­ցե­րու (Հ.Ե.Ց.) տէ­րը՝ ռու­սա­կան INTER RAO UES ըն­կե­րու­թիւ­նը դի­մած է Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան, ան­կէ ստա­նա­լու հա­մար հա­յաս­տա­նեան իր մաս­նա­ճիւ­ղին բաժ­նե­թուղ­թե­րուն 100%ը վա­ճա­ռե­լու ար­տօ­նու­թիւն: Այդ բաժ­նե­թուղ­թե­րը պի­տի գնէ Կիպ­րո­սի օֆ­շո­րա­յին գօ­տիի մը մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած Liormand Holdings Limited ըն­կե­րու­թիւ­նը: Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան ու­ժա­նիւ­թի, ար­դա­րա­դա­տու­թեան, տն­տե­սու­թեան եւ ելեւմտա­կան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րէն, ինչ­պէս նաեւ Հան­րա­յին Ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը Կար­գա­ւո­րող Յանձ­նա­ժո­ղո­վէն պա­հան­ջած է ու­սում­նա­սի­րել այդ վա­ճառ­քին պայ­ման­նե­րը, ի­մա­նա­լու հա­մար թէ ան ար­դեօք կրնա՞յ ար­ժա­նա­նալ կա­ռա­վա­րու­թեան հա­ւա­նու­թեան: Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը իր վերջ­նա­կան ո­րո­շու­մը պէտք է կա­յաց­նէ մին­չեւ մէկ շա­բաթ:

Inter Rao հա­յաս­տա­նեան իր մաս­նա­ճիւ­ղը վա­ճա­ռել կա­րե­նա­լու հա­մար կա­րի­քը ու­նի Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հա­ւա­նու­թեան, հա­մա­ձայն՝ 2001ին հայ­կա­կան կող­մին հետ ստո­րագ­րո­ւած հա­մա­ձայ­նագ­րին: Այս վա­ճառ­քին կա­պակ­ցու­թեամբ բա­ւա­կան մտա­հո­գու­թիւն կը տի­րէ Հա­յաս­տա­նի մէջ, քա­նի բո­լո­րո­վին ա­նո­րոշ կը մնայ խնդրոյ ա­ռար­կայ հա­ւա­նա­կան գնոր­դին՝ Liormand Holdings «մո՛ւթ» ըն­կե­րու­թեան «մո՛ւթ» գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ո­րու մա­սին ոչ մէկ տե­ղե­կու­թիւն կա­րե­լի կ­՚ըլ­լայ ձեռք ձգել: Հա­յաս­տա­նի ու­ժա­նիւ­թի եւ տն­տե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րը ի­րենք իսկ խոս­տո­վա­նած են լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւն­նե­րուն՝ յայտ­նե­լով, թէ ոչ մէկ տուեալ ու­նին ա­նոր գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին: Վա­ճառ­քի այս լու­րը կը յայ­տա­րա­րո­ւի մեծ չա­փե­րու հաս­նող պարտ­քե­րը վճա­րել կա­րե­նա­լու հա­մար: