Կի­րա­կի՝ Սեպ­տեմ­բեր 13ին, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ շրջա­նի «Ար­ցախ Ֆոնտ»ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նարկ մը, տէր եւ տի­կին Հե­րի եւ Քաթ­րի­նա Կ­լո­րի­կեան­նե­րու եր­դի­քին տակ: Հիւ­րա­սի­րու­թե­նէ ետք, խօսք ա­ռաւ օ­րո­ւան հան­դի­սա­վա­րը՝ Անդ­րա­նիկ Գաս­պա­րեան, որ յայտ­նեց թէ Ար­ցա­խի հա­մար մղո­ւած պայ­քա­րը յի­շա­տա­կե­լի է հա­յոց պատ­մու­թեան հա­մար: «­Յաղ­թա­նակ ար­ձա­նագ­րե­ցինք, դուրս գա­լով շա­րու­նակ յաղ­թո­ւո­ղի դրու­թե­նէն»,- յայտ­նեց ան եւ իր խօս­քի ա­ւար­տին բեմ հրա­ւի­րեց օ­րո­ւան բա­նա­խօ­սը՝ Քա­րո­լայն Նա­ճա­րեան: Ք. Նա­ճա­րեան սա­հիկ­նե­րով ներ­կա­յա­ցուց Ար­ցա­խը՝ նշե­լով, թէ իր վրայ մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ձգած են ա­զա­տագ­րու­թեան պայ­քա­րի օ­րե­րը, ուր ան բժշկա­կան շտապ օգ­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս մեծ ներդ­րում ու­նե­ցած էր: Տ­պա­ւո­րիչ տե­սա­րան­նե­րով, ան շեշ­տեց Քա­շա­թա­ղի, Քել­պա­ճա­րի եւ Շա­հու­մեա­նի նման շրջան­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: «Ո՛վ կրնայ խօ­սիլ այս հո­ղե­րը վերս­տին զի­ջե­լու մա­սին, երբ ա­րիւն հո­սած է…»,- շեշ­տեց Նա­ճա­րեան: Ա­պա՝ խօսք ա­ռաւ շրջա­նի «Ար­ցախ Ֆոնտ»ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­լեքս Սա­րա­ֆեան, որ յա­ւե­լեալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Ա­ռա­ջա­մուղ գիւ­ղի մա­սին, որ կը գտնո­ւի Հատ­րու­թի շրջա­նէն ներս եւ այժմ օժ­տո­ւած է 19 բնա­կա­րան­նե­րով ու 88 բնա­կիչ­նե­րով: «­Մեր նպա­տակն է հաս­նիլ յի­սուն բնա­կա­րան­նե­րու: Այս­պէս, ըն­դար­ձա­կե­լով այս գիւ­ղը եւ օժ­տե­լով ա­մէն դիւ­րու­թիւն­նե­րով, կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ օ­րի­նա­կե­լի վայր մը ստեղ­ծել»,- եզ­րա­կա­ցուց Սա­րա­ֆեան: Ա­­ւար­տին կա­րե­լի ե­ղաւ գո­յաց­նել 25 հա­զար տո­լա­րի գու­մար մը: