«Ֆ­րան­սա­կան օ­րեր Ար­ցա­խի մէջ» ծրա­գի­րի ծի­րին մէջ 18 Սեպ­տեմ­բե­րին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի  մայ­րա­քա­ղաք Ս­տե­փա­նա­կեր­տի Ֆ­րան­սա­յի պու­րա­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է քան­դա­կա­գործ Թո­րոս Ռասթ­կե­լե­նեա­նի «­Յա­ւեր­ժու­թիւն» ար­ձա­նի բաց­ման եւ «­Փոլ Է­լի­վա­րի տուն» ֆրան­սա­խօ­սու­թեան կեդ­րո­նի հիմ­նար­ կէ­քի հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն` ներ­կա­յու­թեամբ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի: Իր խօս­քին մէջ նա­խա­գահ Սա­հա­կեան նշած է, որ Ար­ցախ-Ֆ­րան­սա բա­րե­կա­մու­թիւ­նը կը թե­ւա­կո­խէ նոր հանգ­րո­ւան մը` ընդգ­ծե­լով, որ Ֆ­րան­սա­յի հետ բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խո­րա­ցու­մը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան օ­րա­կար­գին կա­րե­ւո­րա­գոյն ուղ­ղու­թիւն­նե­րէն մէկն է: «Ի դէմս Ֆ­րան­սա­յի` մենք ու­նինք հզօր ու քա­ղա­քա­կիրթ բա­րե­կամ եր­կիր, ո­րուն հետ կա­պո­ւած ենք բազ­մա­թիւ խո­ղո­վակ­նե­րով: Ես լա­ւա­տես եմ մեր երկ­կող­մա­նի  յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­պա­գա­յին հան­դէպ, ո­րով­հե­տեւ ան­կեղծ ձգտում եւ հաս­տա­տա­կա­մու­թիւն կը տես­նեմ մեր եղ­բայ­րա­կան կա­պե­րը զար­գաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ», նշած է Սա­հա­կեան: Նա­խա­ձեռ­նու­թեան մաս­նակ­ցած են նաեւ Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­շոտ Ղու­լեան, Ֆ­րան­սա­յի խորհր­դա­րա­նա­կան­ներ եւ պաշ­տօ­նեա­ներ, հիւ­րեր: Նոյն օ­րը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է «­Ղա­րա­բաղ-Ֆ­րան­սա» եւ «Ֆ­րան­սա-­Ղա­րա­բաղ»  բա­րե­կա­մու­թեան շրջա­նակ­նե­րու ու բա­րե­կա­մա­ցած քա­ղաք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու նիստ: