Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նա­գիր­նե­րով՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ան­կա­խու­թեան 24րդ ­տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով` գի­տու­թեան, կրթու­թեան, մարմ­նակր­թու­թեան, ա­րո­ւես­տի եւ մշա­կոյ­թի խումբ մը գոր­ծիչ­ներ, ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան, տնտե­սու­թեան, բա­նա­կի եւ ի­ րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ պար­գե­ւատրուած են պե­տա­կան բարձ­րա­գոյն պար­գեւ­նե­րով, շնոր­հո­ւած են պա­տո­ւա­ւոր, ինչ­պէս նաեւ այլ բարձ­րա­գոյն կո­չում­ներ ու դա­սա­յին աս­տի­ճան­ներ:

­Տար­բեր մար­զե­րու մէջ ակ­նա­ռու նո­ւա­ճում­նե­րու եւ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու հա­սած յի­շեալ ան­ձե­րուն՝ նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան առ­ջի օր, նա­խա­գա­հա­կան նստա­վայ­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած պար­գե­ւատր­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին, յանձ­նած է պար­գեւ­նե­րը: ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը շնոր­հա­ւո­րած է բո­լոր պար­գե­ւատ­րեալ­նե­րը՝ տօ­նին եւ պե­տա­կան բարձր պար­գեւ­նե­րուն ար­ժա­նա­նա­լու ա­ռի­թով ու մաղ­թած յա­ջո­ղու­թիւն:

­Պար­գե­ւատ­րեալ­նե­րու շար­քին էր նաեւ թիւ N զօ­րա­մա­սի զին­ծա­ռա­յող, շար­քա­յին ­Գոռ Հ­րա­չեայ ­Դար­մա­նեան, որ պար­գե­ւատ­րո­ւած է Ա­րիու­թեան մե­տա­լով՝ հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծին ցու­ցա­բե­րած անձ­նա­կան խի­զա­խու­թեան հա­մար: ­Հա­կա­ռա­կոր­դի յա­տուկ նշա­նա­կու­թեան ջո­կա­տի ու­ժե­ղա­ցո­ւած խում­բի` ­Մարտ 19ին ձեռ­նար­կած յար­ձակ­ման հե­տե­ւան­քով վի­րա­ւո­րո­ւած հե­րո­սին նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան, պար­գե­ւը յանձ­նե­լէ ա­ռաջ, համ­բու­րած է ճա­կա­տը: