Յունիս 29ին, աշխատանքային այցելութեամբ Վրաստան մեկնած ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ իր գործընկերոջ Կրիկոլ Վաշածէի հետ:
«Մեր երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները, անկախութեան վերականգնումէն ի վեր այսքա՛ն աշխոյժ եւ օրինակելի չեն եղած», ողջունելով Էդուարդ Նալբանդեանը՝ ըսաւ Կ. Վաշածէ:


Նախարարներ Նալբանդեան եւ Վաշածէ գոհունակութիւն յայտնեցին հաստատուած պարբերական շփումներուն առթիւ, որոնք հնարաւորութիւն կ՛ընձեռեն հետեւելու երկու երկիրներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին, մշակելու յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած նոր ծրագիրներ եւ միտքեր փոխանակելու օրակարգի հարցերուն եւ միջազգային յարաբերութիւններու խնդիրներուն շուրջ:
Հայաստանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարները կարեւոր համարեցին այս տարուան առաջին կէսին, բարձր մակարդակով կայացած փոխայցելութիւնները՝ ընդգծելով այդ ընթացքի պահպանման անհրաժեշտութիւնը: Անոնք անդրադարձան նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի ԱԳ նախարարութիւններուն միջեւ խորհրդատուութիւններու աշխուժացման անհրաժեշտութեան: Այս առումով պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ գալիք Սեպտեմբերին հերթական խորհրդատուութիւններ իրականացնելու շուրջ: Հայկական կողմի առաջարկով, համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ նաեւ հիւպատոսական հարցերով խորհրդատուութիւններ իրականացնելու շուրջ:
Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ էին նաեւ վիրահայութիւնը յուզող խնդիրները եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը:
Է. Նալբանդեան եւ Կ. Վաշածէ քննարկեցին միջազգային կառոյցներու մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան, սահմանային անցակէտերուն վրայ իրականացուող ընթացակարգի պարզեցման, փոխադրումներու հեշտացման եւ ուժանիւթի համագործակցութեան առնչուող հարցեր:
Նախարար Նալբանդեան իր վրացի գործընկերոջ ներկայացուց արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները, մասնաւորապէս Քազանի մէջ կայացած գագաթնաժողովին արդիւնքները:
Օրուան երկրորդ կիսուն, Վրաստանի հայ համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին, Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուց հայ-վրացական յարաբերութիւններու ներկայ ընթացքը, Վրաստանի իր գործընկերոջ հետ ունեցած հանդիպման արդիւնքները, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական խնդիրները եւ զարգացումները: Նոյն օրը աւարտելով իր այցելութիւնը՝ նախարար Նալբանդեան վերադարձաւ Երեւան: