Գեղարքունիքի մարզ կատարած աշխատանքային այցին ընթացքին, Սեւանի հանրային լողափը այցելած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, աշխատանքային քննարկում ունեցաւ Սեւանայ լիճի բնապահպանական հարցերու պատասխանատուներուն հետ:

ԳԵՂԱՐՔՈՒՆԻՔ, «Փանորամա».- ՀՀ բնապահպանութեան նախարար Արամ Յարութիւնեան եւ նախագահին առընթեր Սեւանայ լիճի հիմնահարցերու յանձնաժողովի նախագահ Վլադիմիր Մովսիսեան զեկուցեցին լիճի մակարդակի բարձրացման առնչուող, անշարժ գոյքի  դուրս բերման, անտառներու մաքրման  եւ ենթակառուցուածքներու քանդման աշխատանքներու իրականացման մասին:
Քննարկումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, Վ. Մովսիսեան ըսաւ, որ 2002էն մինչեւ օրս, Սեւանայ լիճի մակարդակը բարձրացած է երեք մեթր 96 սմ.ով, ինչ որ, ըստ անոր, հսկայական ձեռքբերում մըն է: Վ. Մովսիսեան տեղեկացուց նաեւ, որ այսօրուան դրութեամբ արձանագրուած է ամենաբարձր նիշը՝ 1900 մեթր եւ 50 սմ.:

Լիճի մակարդակի բարձրացումէն բխող այլ խնդիրներ


Մասնագէտին խօսքով,  մակարդակի բարձրացումը իրեն հետ կը բերէ շարք մը խնդիրներ, որոնք լուծում կը պահանջեն. «Եթէ ափամաքրման աշխատանքներ չեն իրականացւում, ապա չենք կարող ունենալ մաքուր ջուր», ըսաւ ան: Այսօրուան դրութեամբ, ջուրով ծածկուած է 509 շէնք-շինութիւն, որոնց 27 տոկոսը քարէ, իսկ մնացեալը՝ փայտեայ ու մետաղեայ շինութիւններ են: Ասոնց միայն 18 տոկոսը օրինական շինութիւն է, իսկ միւսները՝ ապօրինի, որոնց փոխհատուցում պիտի չտրուի: Անոնք պէտք է քանդուին յառաջիկայ երկու տարուան ընթացքին:
Մովսիսեան նշեց, որ նախագահը յանձնարարած է աշխուժացնել այդ աշխատանքները: