ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը կը մշակէ տարրական, միջին եւ աւագ դպրոցի արեւմտահայերէնի հիմնական դասագիրքեր, որոնք պիտի տրամադրուին Սփիւռքի հայկական կրթօճախներուն: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը։
Սփիւռքի մէջ լեզուամշակութային ուծացման դիմակայելու եւ ազգային ինքնութեան պահպանութեան խնդիրին մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը մեծապէս կարեւոր կը համարէ Սփիւռքի կրթական խնդիրներու ուսումնասիրութիւնը, աջակցութիւնը‘ ամէնէն առաջ ուսումնական ծրագիրներու եւ դասագիրքերու ստեղծումով:


Նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակըրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեան նշեց, թէ լեզուամշակութային աստիճանական ուծացումը, անխուսափելիօրէն, կը տանի ազգային արմատներէն սերունդներու օտարացման:
Սիրվարդ Համբարեանի խօսքով‘ տեղական լեզուներու ազդեցութեան հետեւանքով՝ հետզհետէ ակնյայտ կը դառնայ հայկական կրթօճախներու լեզուական միասնականութեան խաթարումը, եւ նոր սերունդի շարքերուն մէջ կը նուազի հայախօսներու թիւը, կը փակուին հայկական կրթօճախներ, իսկ գործող դպրոցներուն մէջ կը պակսի հայ աշակերտներուն թիւը: «Հայոց լեզուի մէջ օտար ազդեցութիւնների ներթափանցումը, օտար բառերի գործածութիւնն ուղղակիօրէն տանում է հայոց լեզուի աստիճանական քայքայման, իսկ լեզուի կորուստն ազգային ինքնութեան, լեզուամտածողութեան, ազգային հոգեբանական կերտուածքի կորուստ է»,- ըսաւ Ս. Համբարեան‘ աւելցնելով, որ հայկական համայնքներուն մէջ, անոր արեւմտահայ ու արեւելահայ հատուածներուն մէջ կրթական խնդիրներու եւ լեզուապահպանութեան միասնական համակարգ գոյութիւն չունի:
Ան նաեւ նշեց, որ արդի հայերէնի երկու ճիւղերն ալ ներկայիս ունին խնդիրներ, օտարաբանութիւններ կամ անհարկի նորամուծութիւններ, քերականական, շարահիւսական, ուղղագրութեան բազմաձեւութիւններ ու սխալ կիրառութիւններ, դպրոցներուն մէջ կը դասաւանդուին հինցած, վանող, անհետաքրքիր դասագիրքերով ու եղանակներով, երբեմն ուսուցիչներու խիստ անհատական, տարերային եղանակներով ու մատուցած նիւթերով: