Միջազգային լրատուամիջոցները ծայր աստիճան հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին Քազանի հանդիպման մասին, մեծ թիւով լրագրողներ ուղարկելով տեղւոյն վրայ եւ մեկնաբանութիւններով ու վերլուծումներով հանդէս գալով: Ռուսական «Քոմերսանթ» թերթը, երէկ Կիր’ակի օրուան իր թիւով հանդիպման արդիւնքներուն անդրադառնալով կը գրէր, թէ նախագահ Մետվետեւը հիասթափուած է եւ կրնայ նոյնիսկ հրաժարիլ միջնորդի իր դերակատարութենէն:

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Ա1+».- Յունիս 20ի երեկոյեան Ղարաբաղեան խնդիրով զբաղող յանձնաժողովը գումարեց իր առաջին նիստը, որուն հայկական պատուիրակութիւնը չմասնակցեցաւ: Հայաստանի հարցով համազեկուցողները, սակայն, մասնակցած են նիստին:

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ, Չորեքշաբթի, 22  Յունիսին, Սթարզպուրկի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպայի խորհրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) լիագումար նիստին, ուր ան հանդէս եկաւ հանգամանաւոր ելոյթով:

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Նիուզ».- Յունիս 22ին Սթրազպուրկի մէջ լրագրողներու հետ կայացած ճեպազրոյցի ընթացքին՝ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտարարած է, որ նոյնիսկ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի եռանախագահներու հաստատումով Եւրոպական Խորհուրդի խորդրդարանական Վեհաժողովի (ԵԽԽՎի) մէջ ԼՂ հարցով ենթակոմիտէի վերակենդանացումը չի կրնար օգտակար ըլլալ կարգաւորման գործընթացին համար:

Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ նախագահ Մարիա Թիթիզեանի հետ զրոյցը Հայաստանի մէջ կանանց իրաւունքներու, կնոջ՝հասարակութեան մէջ ունեցած դերի մասին է

Դուք տարիներ շարունակ հանդէս էք գալիս կնոջ իրաւունքների պաշտպանութեամբ: Ըստ  ձեզ՝ ի՞նչ փոփոխութիւնների է այսօր ենթարկուել կինը եւ ո՞վ է առհասարակ կինը մեր հասարակութեան մէջ: