ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունիս 23ին այցելած է մայրաքաղաքի «շտապ-բուժօգնութիւն» ընկերութեան «Կեդրոն» ենթակայան, ուր անոր ներկայացուած է շտապ բժշկական օգնութեան ծառայութեան արդիականացման ընթացքը:

ՀՀ կառավարութիւնը մշակած է «ՀՀ շտապ բժշկական օգնութեան ծառայութեան արդիականացման ռազմավարութիւն» մը եւ ճշդած է այդ ռազմավարութեան միջոցներու իրականացման ժամանակացոյցը: Սոյն ծրագրի հիման վրայ արդէն ձեռնարկուած է  կեդրոնը շտապօգնութեան նոր մեքենաներով ապահովելու աշխատանքը:
Ինչպէս նախապէս տեղեկագրուած է, Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կառավարութիւնը ՀՀ կառավարութեան տրամադրած է շտապ օգնութեան 88 մեքենայ, որուն յանձնման-ընդունման վերաբերեալ փաստաթուղթը նախագահի այցի ժամանակ չինական կողմին հետ ստորագրած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան շրջած է «շտապբուժօգնութիւն» ՓԲԸ «Կեդրոն» ենթակայանի հիմնանորոգուած շէնքին մէջ, գործակարգավարական կեդրոնին մէջ դիտած է շտապ օգնութեան մեքենաներու հետ կարգավարական աշխատանքը, զրուցած բժշկական անձնակազմին հետ:
Ենթակայանի բակին մէջ ցուցադրուած են նաեւ գծային շտապ օգնութեան նոր մեքենաները եւ ներկայացուած են բժշկական սարքերու աշխատանքային հնարաւորութիւնները: