Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց տարածաշրջանային այցով Հայաստան գտնուող ԱՄՆ պաշտպանութեան փոխ նախարարի տեղակալ Սելեսթ Վոլանդերը:
Նախագահը կարեւորեց Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ յարաբերութիւններու մշտական ամրապնդումը՝ բարձր գնահատելով մեր տարածաշրջանէն ներս ԱՄՆի հաւասարակշռուած մօտեցումն ու քաղաքականութիւնը:
«Միացեալ Նահագներու ներգրաւուածութիւնը մեր տարածաշրջանէն ներս կը համարենք կայունութիւնը ամրապնդող գործօն: Մենք գոհունակութիւն կը յայտնենք մի շարք ոլորտներու մէջ մեր երկկողմ յարաբերութիւններու առաջընթացի կապակցութեամբ եւ իհարկէ, կը փափաքինք, որպէսզի աւելի մեծ առաջընթաց ունենանք» ըսած է ՀՀ նախագահը:
Նշելով, որ երրորդ անգամ ըլլալով Հայաստան կÿայցելէ Սելեսթ Վոլլանդեր ընդգծած է, որ գերազանց հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի մէջ, եւ անոնց արդիւնքները ներկայացուցած է երկրի նախագահին:
Ան շնորհակալութիւն յայտնած է խաղաղապահ գործողութիւններուն մէջ Հայաստանի ներդրումին համար: