ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան Նոյեմբեր 14ին յայտարարեց, թէ «շքեղութեան հարկ»էն  կառավարութիւնը կ՛ակնկալէ տարեկան շուրջ մէկ միլիառ դրամի եկամուտ: Անոր խօսքով, հանրապետութեան մէջ կայ «քանի մը հազար» այդօրինակ ինքնաշարժ:


Նշենք, որ կառավարութիւնը օրէնսդրական նախաձեռնութեան կարգով խորհրդարանին ներկայացուցած է «Ակցիզային հարկի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու նախագիծը, ըստ որուն, կ՛առաջարկուի 30 միլիոն դրամ եւ աւելի արժէք ունեցող ինքնաշարժներուն վրայ կիրառել «ակցիզային հարկ»՝ 20 տոկոսի չափով:
Ըստ մաքսային վիճակագրութեան, մինչեւ ճգնաժամի տարիները (2007-2008), տարեկան 30 հազար տոլարէն աւելի արժող 1800-2000 ինքնաշարժ կը ներածուէր Հայաստան: Ճգնաժամէն ետք այդ թիւը նուազեցաւ մինչեւ 1000-1100, իսկ այս տարուան ինը ամիսներուն ընթացքին ներածուած է 1112 թանկարժէք մեքենայ:
Հարկման ենթակայ է ոչ միայն շքեղ մեքենան, այլ անոր ներածումը (այսինքն՝ հարկը պիտի կիրառուի միայն մէկ անգամ, ոչ թէ շարունակաբար): Այսպիսով, լաւագոյն պարագային, տարեկան 100-150 ինքնաշարժ հարկ պիտի վճարէ, ինչ որ պիւտճէին պիտի հասցնէ 2էն 3 միլիոն դրամի եկամուտ: