2011թ. Նոյեմբեր 15-ին սկսաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Ճարտարապետներու եւ շինարար - ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած «Ճարտարապետներու եւ շինարար - ճարտարագէտներու համահայկական 2-րդ համաժողովը»:

Հայ ճարտարապետներու եւ շինարար-ճարտարագէտներու համահայկական 2-րդ համաժողովի հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ Ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-ինստիտուտին մէջ: 
Նիստին ներկայ էին եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ,  Հայ ճարտարապետներու եւ շինարար-ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Նարեկ Սարգսեանը, համակարգող խորհուրդի անդամներ Վահէ Թութունջեանը (Քաթար) եւ Նազար Բինաթլին (Թուրքիա), ինչպէս նաեւ` Ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-ինստիտուտի տնօրէն Աշոտ Գրիգորեանը, ՀՀ քաղաքաշինութեան փոխնախարար Ռուզան Ալավերդեանը, օտարերկրեայ հայազգի ճարտարապետներ: