arned_20-12-11ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան տուեալներով, Դեկտեմբեր 17ին տեղի կ՛ունենայ «Ական փնտռող ռոպո»չ մրցումի եզրափակիչ փուլը՝ Հայաստանի ռոպոթներու բաց առաջնութեան (Արմռոպոթիքս) ծիրէն ներս:

 ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի բարեկամ, Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքսի հրաւէրով, Հայաստան ժամանած է Հոնկ Քոնկի գործարար, Ընկերութիւններու համաշխարհային խումբի նախագահ Ճոնի Հոնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ ցանկութիւն յայտնած է ծանօթանալու Հայաստանի ներդրումային դաշտին:

Հայաստանի մէջ մանաւանդ երկրի բարձր շրջաններու պարագային զգալի է խստաշունչ ձմեռը: Լրատուական միջոցները կը տեղեկացնեն, թէ ընդհանրապէս երթեւեկելի են երկրի  ճանապարհները: Այս մթնոլորտին մէջ ձմրան զբօսաշրջութիւնն ալ կ'աշխուժանայ աստիճանաբար:

Երէկ Երկուշաբթի 19 Դեկտեմբերին ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ  Յունաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իոաննիս Քորինթիոսը, որ աւարտեց  դիւանագիտական առաքելութիւնը մեր երկրէն ներս:

Մոսկուայի մէջ Դեկտեմբեր 16ին տեղի ունեցաւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 25-րդ հանդիպումը, որուն կը մասնակցէր նաեւ Հայաստանի կողմէ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան: