ՀՅԴն  Արդար  Ընտրութեան  Համար Չորս  Նախապայման  Կը  Տեսնէ

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».-  ՀՅԴ հանդէս եկած է կառավարութեան հրաժարականի պահանջի նախաձեռնութեամբ: Այս նախաձեռնութեան ի նպաստ արտայայտուած են ընդդիմադիր այլ խմբակցութիւններէ ներկայացուցիչներ եւս:


«Արմէն Ռուստամեանի ներկայացումը բարձր մակարդակի էր» ըսած է «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Վարդան Բոստանջեանը:

 

Արմէն Ռուստամեան. «Ժառանգութիւն»ը Պէտք է Իշխանութեան Դէմ Պայքարի եւ Ոչ Թէ՝ Ընդդիմութեան

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորները տարբեր լրատուամիջոցներով յայտարարած են, թէ իրենք յաջողած են «պատռել Դաշնակցութեան դիմակը», եւ որ իրենք միակ խորհրդարանական ընդդիմադիր ուժն են, քանի որ Դաշնակցութիւնը ԱԺ նախագահի ընտրութեան ընթացքին քուէարկած է ո՛չ թէ Լարիսա Ալաւերդեանի, այլ՝ Սամուէլ Նիկոյեանի օգտին:
ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, անդրադառնալով տարածուած այսօրինակ լուրերուն, Դեկտեմբեր 7ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ Դաշնակցութիւնը ԱԺ նախագահի ընտրութիւններուն պարզապէս քաղաքական նշանակութիւն չէ տուած, քանի որ համոզուած է, որ այս ընտրութեամբ ԱԺ գործունէութեան մէջ ոչ մէկ էական փոփոխութիւն կրնար ըլլալ: Դաշնակցական պատգամաւորի խօսքերով՝ թէ՛ իշխանամէտ եւ թէ՝ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան պատգամաւորները խորհրդարանին մէջ անլուրջ միջավայր ստեղծած են:
«Մեծամասնութիւնն այս ամէնը անլրջացրել է նրանով, որ իրենք էլ այս ընտրութիւնը չեն կարեւորում՝ յայտարարելով, թէ այս պահին, երբ երկիրը մտել է ընտրութիւնների փուլ, այս  պաշտօնն աւելի ցածր է, քան, օրինակ, շտաբի պետի պաշտօնը», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան: Անդրադառնալով «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան վերաբերմունքին, Ռուստամեան նշեց, որ եթէ անոնք լուրջ կը մօտենային այս խնդիրին եւ քաղաքական լուրջ խնդիր կ՛ուզէին լուծել՝ պէտք է խոր-հըրդարանական միւս ընդդիմադիր խմբակցութեան հետ իրենց քայլերը համաձայնեցնէին: «Միասին մտնէինք այդ պայքարի մէջ, գնայինք՝ հասկանալու, թէ ինչ պէտք է անենք: Նման որեւէ քայլ, իրենց կողմից չի եղել: Աւելին՝ մենք անգամ հարցրել ենք իրենց, օրինակ՝ տեղակալի պարագայում, երբ տեսանք, որ իրենք առաջադրեցին նախագահի թեկնածու, մօտեցանք, հարցրեցինք գուցէ տեղակալ էլ էք ուզում առաջադրել, ասացին՝ չենք որոշել», նշեց պատգամաւորը եւ աւելցուց, որ անոնք եւս շատ լաւ կը հասկնային, որ որեւէ իմաստ, բացի ամպիոնը օգտագործելու փորձէն, չեն ըրած:
Արմէն Ռուստամեան անդրադարձաւ «Դաշնակցութեան դիմակը պատռելու մասին» «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան յայտարարութիւններուն՝ նշելով, որ իրենք պէտք է պայքարին իշխանութեան դէմ, ոչ թէ ընդդիմութեան մէջ իրարու դէմքերը պատռելու գործընթաց սկսին:
Ըստ պատգամաւորի՝ Դաշնակցութեան համար աշխատելու այդ եղանակը բացարձակապէս անընդունելի է: Անլուրջ, անկարեւոր գործընթացներու իբրեւ արդիւնք լուրջ հետեւութիւններու յանգելը հարիր չէ լուրջ քաղաքական գործիչին:

ՀՅԴի չորս կէտերը
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, Հայաստանի մէջ արդար ընտրութիւններ իրականացնելու համար առանձնացուցած է չորս պայմաններ, որոնցմով ո՛չ միայն իշխանութիւնը պարտաւոր պիտի ըլլայ արդար ընտրութեան կամք ցուցաբերել, այլեւ ոեւէ մէկը պիտի չձգտի իշխանութեան հասնելու բռնի ուժի կամ փողի իշխանութեան գործադրութեամբ:
Այս մասին Մինասեան նշած է Դեկտեմբեր 6ին, Քաղաքական եւ միջազգային հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնի                            քննարկման ընթացքին:
Յիշեցնելով ՀՅ Դաշնակցութեան «Քուէն ուժ է» նախաձեռնութեան մասին՝ պատգամաւորը առանձնացուցած է հետեւեալ կէտերը.
«Առաջին. ընտրութիւններու օրը մարդիկ 20 վայրկեան ժամանակ պէտք է տրամադրեն եւ մասնակցին ընտրութիւններուն, որպէսզի թոյլ չտրուի, որ իրենց փոխարէն ընտրեն այլ մարդիկ:
Երկրորդ. 2000 տեղամասի մէջ 10-20 անձ ունենալ, որպէսզի ոեւէ մեծահարուստ իշխանաւոր, հաստավիզ, չթելադրէ իր խաղին կանոնները: Այդ մարդիկը պէտք է պատրաստ ըլլան անհրաժեշտութեան պարագային միջամտելու գործընթացին, ինչ որ օրէնքով արգիլուած չէ:
Երրորդ. ընտրական գործընթացին իրաւական ուղեկցումը ապահովուի, քանի որ ունեցած ենք ընտրութիւններ, երբ հասարակութիւնը պարտուած է՝ չունենալով բաւարար իրաւական ապացոյցներ: Եւ չորրորդ. առանձին վտանգ ներկայացնող տեղամասերու մէջ տեսանկարահանում իրականացնել՝ ամբողջ ծաւալով»:
Մինասեանի խօսքով, չարաչար կը սխալին անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ իշխանութիւնը ինքնուրոյն կամք կը դրսեւորէ արդար ընտրութիւններ իրականացնելու համար: «Կամքը պէտք է պարտադրուի. բան մը, որ կախեալ է մեր հասարակութեան իւրաքանչիւր անդամէն: Այստեղ իր կարգին անհրաժեշտ է հասարակութեան համախմբուածութիւնը, քանի որ առանձինն անձ մը ի վիճակի չէ ո՛չ վարչական «ռեսուրս»ի դէմ պայքարելու, ոչ ալ՝ փողի իշխանութեան», եզրափակեց Արծուիկ Մինասեան: