Անցեալ տարի Հայաստանի մէջ արձանագրուած 2,6% աճի պայմաններուն զուգահեռ, աղքատութեան մակարդակը բարձրացած է 1,7-տոկոսային կէտով՝ կազմելով 35,8%: Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը (ԱՎԾ) անցնող օրերուն ներկայացուցած է «Հայաստանի սոցիալական պատկերը եւ աղքատութիւնը, 2011» տեղեկագիրը, ուր ներկայացուած են 2010-ի ցուցանիշները:
ԱՎԾ-ի հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ փաստօրէն, անցեալ տարի Հայաստանի իւրաքանչիւր երրորդ բնակիչը աղքատ էր, իւրաքանչիւր հինգերորդը՝ շատ աղքատ, իսկ 3%-ը՝ ծայրահեղ աղքատ: Ըստ զեկոյցին՝ երկու տարուայ ընթացքին՝ 2009-2010, մօտ 270 հազար քաղաքացի դարձած է աղքատ, եւ աղքատներու թիւը 2010-ի վերջին ամիսներուն կազմած է մօտ 1,2 միլիոն քաղաքացի: 290 հազար հոգի նոյն ժամանակահատուածին շատ աղքատ դարձած է իսկ 46 հազար հոգի՝ ծայրահեղ աղքատ:
Շատ աղքատներու եւ ծայրահեղ աղքատներու թիւի յաւելումը կը վկայէ այն մասին, որ կառավարութեան կողմէ 2009-ի եւ 2010-ի ընտանեկան նպաստներու եւ կենսաթոշակներու բարձրացումները, համապատասխանաբար 25%-ով եւ 35%-ով, բաւարար չեն եղած աղքատութեան առաջքը առնելու։
Հայաստանի մէջ աղքատներու թիւը աւելցած է 270 հազարով
Ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած տուալները այն պատկերը կը ներկայացնեն, թէ Հայաստանի մէջ 2010 թուականին աղքատ դարձած է 1 միլիոն 200 հազար մարդ, կամ բնակչութեան 35.8% տոկոսը:
Ըստ այս տոկոսներուն յայտնի է թէ, 2010 թուականին 2008-ի համեմատ, երկու տարուայ ընթացքին, Հայաստանի մէջ աղքատներու թիւը աւելցած է 270 հազարով:
«Այս թիւերը միայն մէկ բանի մասին են վկայում, որ իշխանութիւնների վարած սոցիալ- տնտեսական քաղաքականութիւնը ամբողջովին սխալ ուղղութեամբ է ընթացել», «Ազատութիւն» ռատիոկայանին խօսելով մեկնաբանեց Ազգային վիճակագրական ծառայութեան նշուած հրապարակումը՝ դիտել տուաւ խորհրդարանի «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան անդամ Արմէն Մարտիրոսեանը: - «Ես չէի առանձնացնի միայն կառավարութեանը: Ե՛ւ օրէնսդիր մարմինը, ե՛ւ գործադիր մարմինը, ե՛ւ մնացած այլ կառոյցները միասին, փոխ համաձայնեցուած աշխատանքի արդիւնքում, երկրում հարստութիւնը բաժանել են ընդամէնը մի քանի հոգու մէջ եւ ազգային հարստութիւնից օգտւում են ընդամէնը մի քանի ընտանիքներ, իսկ բնակչութեան մեծամասնութիւնը այսպիսի իրավիճակում է յայտնուել»:
Ըստ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան, 2010թ. Հայաստանի մէջ աղքատ համարուած է այն քաղաքացին, որու եկամուտները ամսական աւելի քիչ են՝ 33.5 հազար դրամէ:
Արմեն Մարտիրոսեանը հարց տուաւ թէ արդեօք 35 հազար կամ, ըսենք, 45 հազար դրամ եկամուտ ունեցողը աղքատ չէ՞: «Երբ որ կենսապահովման նուազագոյն զամբիւղը արդէն 65 հազարի շրջանակում է, ընդ որում մեր կենսապահովման նուազագոյն զամբիւղն էլ աղքատի կենսապահովման զամբիւղ է: Ուստի եւ 33.5 հազար ստացողը ընդամէնը ծայրահեղ աղքատի շարքին պէտք է դասուի, եւ ոչ թէ աղքատի», եզրակացուց ընդդիմադիր պատգամաւորը:
«Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետ զրոյցին ըն-թացքին Ազգային ժողովի ֆինանսավարկային եւ պիւտճէտային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, իշխող Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Գագիկ Մինասեանը տրուած ցուցանիշները առաջին հերթին պայմանաւորեց միջազգային ֆինանսատնտեսական ճգնաժամի հետեւանքներով:
«Այնպիսի զարգացած երկրները, ինչպիսին են Միացեալ Նահանգները, Եւրամիութեան անդամ երկրները եւս իրենց վրայ զգացին դրա անբարենպաստ հետեւանքները», - ըսաւ ան, կարծիք յայտնելով, որ աղքատութեան կրճատման ուղղուած կառավարութեան քայլերը ցոյց են տալիս, որ «մենք ճիշդ ճանապարհի վրայ ենք»: Ան աւելցուց. «Բայց ունենք չափազանց մեծ ծաւալի աշխատանք, որպէսզի հասնենք այն նպատակներին, որը թոյլ կուտայ ասել, որ այդ խնդիրը Հայաստանում լուծուած է»:

ՀՅԴ-ի կարծիքը
ՀՅԴի պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը համաձայն չէր ներկայացուածին: Ան դիտել տուաւ թէ հրապարակուած թիւերը կը նշանակեն, որ կառավարութեան կողմէ վարուող ընկերային - տնտեսական քաղաքականութիւնը աղքատութիւնը ծնող եւ ընդլայնող քաղաքականութիւն է:
«Այն, որ համաշխարհային ֆինանսատնտեսական ճգնաժամը բացասական ազդեցութիւն թողել է, բոլորս էլ ընդունում ենք: Սակայն կառավարութիւնը, կարծում եմ, վկայակոչելով ճգնաժամը փորձում է արդարացնել իր անգործութիւնը եւ ոչ համարժէք վարքագիծը»: