Թուրքիոյ կողմէ սպառազինութեան նպատակներով Վրաստանին տրամադրուած 1,7 միլիոն տոլարի հարցը մեր ընթերցողներու ուշադրութեան յանձնեցինք նախորդ մեր թիւերուն մէջ։ Յայտնենք թէ հարցը հոս չամբողջանար, ոչ ալ պարզ է, ինչպէս կը ներկայացուի:

Թուրքիոյ պետութիւնը հետեւողական կերպով կը շարունակէ իր վերահսկողութեան տակ պահել վրացական բանակը՝ ներկայացնելով իր գործունէութիւնը  իբրեւ ՆԱԹՕ–ի սկզբունքներու գործադրիչ ու դերակատար:
Հայրենի փորձագէտները ահազանգ կը հնչեցնեն այս հարցով, դիտել տալով, թէ Ջաւախքը թրքաբնակ դարձնելու մտադրութիւնը՝ Թուրքիոյ պետական քաղաքականութեան մաս կը կազմէ։
Ռազմական փորձագէտ Արծրուն Յովհաննիսեանը լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին մանրամասնեց այս հարցի շուրջ իրավիճակը: Փորձագէտի հետ նոյն կարծիքը ունի “Միտք” վերլուծական կեդրոնի փորձագէտ Վահէ Սարգսեանը. երկուքն ալ այս գործընթացին մէջ այլ տողատակեր կը տեսնեն: Ըստ անոնց խօսքերուն՝ ասիկա Թուրքիոյ կողմէ տարուող պետական քաղաքականութիւն է, որուն նպատակն է Ջաւախքի տարածքը թրքաբնակ դարձնելով`  լուծել նախ ժամ առ ժամ աճող ժողովրդագրական խնդիրները, ապա նաեւ ցամաքային տարածքով միանալ իր փոքր եղբօրը՝ Ատրպէյճանին:
“Թուրքիոյ այս քաղաքականութիւնը կարելի է որակել իբրեւ «Թրոյական ձի» Վրաստանի տարածքին: Իսկ հաստատուելու դերը կը կատարէ Կարս-Ախալքալաք-Պաքու երկաթուղին”,– դիտել կուտայ Վահէ Սարգսեանը՝ աւելցնելով, որ անկէ, բնականաբար, կը տուժէ առաջին հերթին Ջաւախքը:
Փորձագէտի համոզմամբ՝ գեղեցիկ օր մը Ախալքալաքը կը դարձուի առեւտուրի մեծ կեդրոն, ուր գլխաւորաբար կը ներգրաւուին ատրպէյճանցիներն ու թուրքերը եւ, ինչպէս Ղարաբաղի պարագային էր, Ջաւախքը կը դառնայ թրքաբնակ:
“Իսկ միթէ՞ Վրաստանը այս բոլորը չի հասկնար” հարցումին, փորձագէտները նշեցին, որ կամ Վրաստանը ի զօրու չէ թուրք-ատրպէյճանական գործօնը դիմագրաւելու, կամ ալ  կաշարուած է։ Երրորդ վարկած մըն ալ, թէ Վրաստանի դէպի ՆԱԹՕ ձգտումը չափազանց բարձր է։