Երէկ Երկուշաբթի 19 Դեկտեմբերին ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ  Յունաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իոաննիս Քորինթիոսը, որ աւարտեց  դիւանագիտական առաքելութիւնը մեր երկրէն ներս:

Շնորհակալութիւն յայտնելով նախարար Հ. Յակոբեանին արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար՝  դեսպան Իոաննիս Քորինթիոս  նշեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան կարեւորութիւնը Սփիւռքի հայ համայնքներու, մասնաւորապէս՝  Յունաստանի հայ համայնքին  համար: Դեսպանը ընդգծեց նաեւ Յունաստանի հայ համայնքի ընդգրկուածութիւնը եւ  կարեւոր դերակատարութիւնը երկրի հասարակական կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս: Դեսպան Իոաննիս Քորինթիոս նշեց, որ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ ջերմ, բարեկամական յարաբերութիւնները կը նպաստեն  հայկական եւ յունական համայնքներու դերի բարձրացման:
Նախարար Հրանուշ Յակոբեանը բարձր գնահատելով հայ-յունական բարեկամական յարաբերութիւնները՝  շնորհակալութիւն  յայտնեց  Իոաննիս Քորինթիոսին  համագործակցութեան, մասնաւորապէս՝ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ Սփիւռքի հետ աշխատելու յունական պետութեան փորձառութեան  ուսումնասիրութեան գործին մէջ եւ ցուցաբերուած աջակցութեան, ինչպէս նաեւ «Սփիւռքի հեռանկարները գլոբալացուող աշխարհում» միջազգային համաժողովի ընթացքին աշխուժ  գործակցութեան համար:
Նախարար Յակոբեան  յաջողութիւն մաղթեց դեսպանին: