Վահան Յովհաննիսեան ամփոփեց 2011ի քաղաքական անցուդարձը

ԱԺ Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան ամփոփեց 2011 թուականի քաղաքական անցուդարձը: Ան խօսեցաւ նաեւ նախընտրական տրամադրութիւններու մասին: Այդ գործընթացներէն Վահան Յովհաննիսեան առանձնացուց  կուսակցական տարբեր քարոզչական միջոցառումները, անոնք որակելով պոլշեւիկեան մտածելակերպի շարունակութիւն:

Դաշնակցական գործիչը խօսեցաւ նաեւ ընդդիմադիր դաշտէն ներս հնարաւոր միաւորումներու ձեւաւորման հեռանկարու մասին։
Վ. Յովհաննիսեան անդրադարձաւ ՀԱԿ-ի կողմէ ԲՀԿ-ին ուղղուած համագործակցութեան: Առաջարկը ընտրական համակարգի բարելաւման հետ կապուած՝  արդէն ուշացած էր: «Ընտրութիւններից առաջ արմատական փոփոխութիւններ չեն արւում, դա ստեղծում է խառնաշփոթ»,- ըսաւ քաղաքական գործիչը:
ՀԱԿ-ի առաջարկը նաեւ բնութագրեց այսպէս՝ ընդդիմադիր դաշտէն ներս սեփական դիրքը ամրապնդելու ուղղուած որպէս առաջարկ: Հարցումի մը պատասխանելով, եթէ Դաշնակցութիւնը ՀԱԿ-ի ներկայացուցած փլատֆորմին մաս կը կազմէ, Վահան Յովհաննիսեան նկատեց, որ միանալու խնդիր ՀԱԿ-ը ունի, քանի որ անոնց փլատֆորմը դեռ պէտք է կազմուի, իսկ Դաշնակցութիւնը արդէն ունի այդ մէկը, որոնց մէկ մասը ընտրական օրէնսգրքի բարելաւման ժամանակ կիրառած է: Ի դէպ, հանրապետական Գալուստ Սահակեանը վերջերս կարծիք յայտնած էր, թէ միակ կառուցողական ընդդիմութիւնը Դաշնացութիւնն է եւ անոր շուրջ պէտք է համախմբուի ընդդիմութիւնը: Վահան Յովհաննիսեանը՝  կառուցողական գնահատականի հետ համաձայն է, իսկ առաջարկի հեղինակային իրաւունքը պէտք է վերանայուի:
Ռուստաստանեան ընտրութիւններուն մէջ իշխող կուսակցութեան ձայներու կորուստը, ըստ Վահան Յովհաննիսեանի, դաս պէտք է դառնայ հայաստանեան իշխանութիւններուն: Ինչ-որ հարցի մէջ անոնք թերացել են. այս է եզրայանգումը:
«Իտեալական կը լինէր, որ քաղաքական ուժերը մի կողմ դնէին տարաձայնութիւններն, սակայն դրանք ոչ թէ խանգարող հանգամանք են, այլ հէնց քաղաքական ուժերի էութիւնն են ներկայացնում: Վահան Հովհաննիսեանի ամանորեայ մաղթանքն էլ նախընտրական տրամադրութեամբ էր:
«Նոր տարին եւ Սուրբ ծնունդը մարդու կեանքում ամենակարեւոր տօներն են: Քրիստոսի ծնունդը, եւ ոչ թէ քո: Սա բարութեան տօնն է, նաեւ մեղքերդ կարող ես քաւել, եւ այս առումով քարոզչութիւն պէտք չէ անել»,- ըսած է ան։

 

«Ժառանգութեան» եւ ՀԱԿի մասին

«Ժառանգութեան» կողմէն ոչ մէկ քայլ չէ կատարուած խորհրդակցելու մեզի հետ ու տեղեկացնելու, որ իրենք պիտի առաջարկեն ԱԺ նախագահի եւ փոխ նախագահի թեկնածուներ, որ մենք ալ պաշտպանէինք իրենց թեկնածուն»,- ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ Վահան Յովհաննիսեանը` մեկնաբանելով Դաշնակցութեան կողմէն ԱԺ նախագահի եւ փոխ նախագահի ընտրութիւնը: Անոր խօսքով «ժառանգութիւն»ը Դաշնակցութեան հետ չէ խորհրդակցած, ահա թէ ինչու անիմաստ կը համարէ քննարկելու, թէ ինչու Դաշնակցութիւնը այս կամ այն կերպ քուէարկած է:
Անդրադառնալով ՀԱԿ-ԲՀԿ հնարաւոր համագործակցութեան, Վահան Յովհաննիսեան կարծիք յայտնեց, թէ ՀԱԿ-ը կը փորձէ օգտագործել կապը եւ միասնութիւն ձեւաւորել այն ուժի հետ, որուն դէմ մի քանի ամիս առաջ ինչ ըսես, որ չէր ըսեր՝ օլիկարխներ են, Մարտ 1-ի մեղաւորներ են եւ այլն: Ահա թէ ինչու ՀԱԿ-ի առաջարկներու անկեղծութիւնը պէտք է գնահատէ ոչ թէ Դաշնակցութիւնը, այլ այն քաղաքական ուժը, որուն ՀԱԿ-ը կը դիմէ համագործակցելու նպատակով: