Հայաստանի մէջ մանաւանդ երկրի բարձր շրջաններու պարագային զգալի է խստաշունչ ձմեռը: Լրատուական միջոցները կը տեղեկացնեն, թէ ընդհանրապէս երթեւեկելի են երկրի  ճանապարհները: Այս մթնոլորտին մէջ ձմրան զբօսաշրջութիւնն ալ կ'աշխուժանայ աստիճանաբար:


Ծաղկաձորի մէջ կ'ապրուի  ձմրան խանդավառութիւնը, ինչ որ պայմանաւորուած է առատ ձիւնի տեղումներով: Հայ եւ օտար դահուկահարներ այս կացութիւնը կ'արժեւորեն լաւագոյն  ձեւով:
Ծաղկաձորի համապատասխան կառոյցներու եւ հանգստարաններու մօտ բառին բուն իմաստով բացուած է եղանակը: