Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, ի տարբերութիւն միւս նախարարներուն, անցեալ տարին ամփոփեց ոչ թէ տարեվերջին, այլ տարեսկզբին՝ ըսելով, որ նախարարութեան մէջ խախտումներ չեն արձանագրուած:

Ապա նախարարը ներկայացուց տարուան կատարած աշխատանքները, որոնցմէ յատկապէս կարեւոր ձեռքբերում համարեց վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ երկքաղաքացիութիւն ստացած մեր հայրենակիցներուն բաւական մեծ թիւը:
«Եթէ մինչեւ 2007-2008 երկքաղաքացիութիւն էր ստացել մօտ 3.000 հայ, ապա երկքաղաքացիների թիւը, յատկապէս վեջին տարում, հասել է շուրջ 30.000-ի»,- ըսաւ ան:
Հրանուշ Յակոբեան նշեց, որ անցեալ տարի նախարարութեան կողմէ իրականացուած ծրագրերը աւելի մեծ ընդգրկուածութեամբ ձեռք  բերուած են: «Սփիւռքն այլեւս հայկական իրականութեան մէջ յաւէրժ ներկայութիւն ունի»,- ըսաւ ան՝ ներկայացնելով իրականացուած բոլոր մեծ ու փոքր աշխատանքները՝ «Արի Տուն», Սփիւռքի հայկական կրթօճախներու աջակցութիւն, արեւմտահայրերէնի միասնական դասագիրքերու ելեկտրոնային տարբերակներու ստեղծում, ուսուցիչներու վերապատրաստում, մայրենի լեզուի քարոզչութիւն եւ այլն:
Նախարարը առանձնացուց բարձր գիտարուեստի ներդնումը, որուն միջոցով ալ հնարաւոր դարձած է խօսիլ ամբողջ Սփիւռքի հետ: Ան նկատեց, որ մեծ ուշադրութիւն դարձուած է յատկապէս հայրենադարձութեան խթանման եւ ընդհանրապէս հայապահպանութեան ծրագրերուն, որոնք իրականացուած են Սփիւռքի կառոյցներուն հետ միասին:
Ասով հանդերձ Հրանուշ Յակոբեան յատուկ ուշադրութեան հրաւիրեց Հայոց ցեղասպանութեան հարցի աշխուժացմանն ուղղուած աշխատանքներուն, նշելով որ նախարարութիւնը նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարականով կը պատրաստուի Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցին. «Կը ստեղծուին գիտական աշխատութիւններ, ինչպէս նաեւ հարցին ուղղութեամբ յանձնաժողովներ, բոլոր տարածաշրջաններում»,- տեղեկացուց ան:
Նախարարը յայտնեց թէ յառաջիկային ԵՊՀ հիմքի վրայ պիտի  ստեղծուի Սփիւռք ամառնային դպրոց՝ երկու ուղղութիւններով, արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն: