ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը երէկ դիտար-կում իրագործեց Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գծին վրայ, Մարտունի շրջանի Կուրապատկինօ բնակավայրի մերձակայքին:


Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցման համա-ձայն՝ Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն  դի- տարկումը գլխաւորեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկը: Հրադադարի  խախտումներ չարձանագրուեցան:
Դիտարկման առաքելութեան առընթեր  ղարաբաղեան կողմէ ուղեկցեցին արտաքին գործերու եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու  ներկայացուցիչները:
ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը երէկ  Ստեփանակերտի մէջ  հանդիպում ունեցաւ  Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանի, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Վասիլի Աթաջանեանի հետ։
Հանդիպումներուն ընթացքին  քննար-կուեցան շփման գծին վրայ տիրող  իրադրութիւնը, երկուստեք ընդգծուեցաւ  հրադադարի պահպանման   անհրաժեշտութիւնը: