Հայ խաղաղապահներու հերթական խումբը՝ 40 հոգիէ  կազմուած, երէկ երեկոյեան  Գերմանիա մեկնեցաւ, ապա պիտի ուղղուի Աֆղանիստան:

Պուլկարիոյ խորհրդարանը երէկ ձայներու մեծամասնութեամբ մերժած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւը: Այս հարցի կապակցութեամբ, Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան Tert.am լրատուական կայքէջին հետ զրոյցին ընթացքին իբրեւ պատճառ մատնանշեց այն հանգամանքը, որ հարցը ճիշդ պահուն չդրուեցաւ խորհրդարանի օրա-կարգին վրայ:

Կլոր այս թուականի առիթով, խորհրդանշական ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան, ինչպէս եւ Հայկական բարձրաւանդակին մէջ գտնուող 20 բնակավայրերու մէջ պիտի կանգնեցուին 20 խաչքարեր՝ նուիրուած Արցախի փառաւոր հերոսամարտին:

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային գրադարանի եւ Երեւանի պետական համալսարանի գրադարանէն 2010-2011ին քանի մը միլիոն դրամ արժողութեան հասնող գիրքեր գողցուած են եւ այս գծով քրէական գործ հարուցուած է։

Հայաստանի մէջ 2011-ի առաջին կիսամեակին որդեգրման ենթակայ երեխաներու թիւը կազմած է 63, որոնց 39ը՝ աղջիկ: Ամէնէն աւելի որդեգրման ենթակայ երեխաները Երեւանէն են, ապա Շիրակի մարզը, Արմաւիրը, Կոտայքը, Լոռին, Արագածոտնը, Արարատն ու Վայոց Ձոր մարզերը՝ յաջորդաբար: