Դաշնակցութեան 3 պատգամաւորներ՝ Արմէն Ռուստամեանը, Արտաշէս Շահբազեանը եւ Ռուզաննա Առաքելեանը երէկ Շիրակի մարզ կը գտնուէին։ Անոնք  հանդիպումներ ունեցան Սառնաղբիւր գիւղի, ապա նաեւ Արթիկի ընտրողներուն հետ։

Հայաստան մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ Իրանէն քարիւղի մթերք ներկրելու հարցով։ Այս մասին յայտնած է քարիւղի մթերքի իրացման իրանական ազգային ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ճալիլ Սալարի:

Հայաստանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը, լրագրողներուն խօսելով երէկ, յայտնեց թէ թանգարանի նախաձեռնութեամբ շրջիկ ցուցադրութիւններ պիտի կազմակերպուին, որոնց միջոցաւ ամբողջ տարուայ ընթացքին աշխարհին պիտի ներկայացուին 1915 թուականի Օսմանեան Թուրքիոյ իրագործած ոճրագործութեան փաստերը:


Սկսած է գործել Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նախընտրական կայքէջը հետեւեալ հասցէին վրայ՝

www.arf2012.am

Բազմամարդ, Եռանդուն  Հանրահաւաք

ՀՅԴ-ն քարոզարշաւի երկրորդ օրը սկսաւ քայլարշաւով: Յաղթանակի զբօսայգիէն ՀՅԴ ուսանողական եւ Երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչները, ազատամարտիկները եւ «Քուէն ուժ է» շարժման գործիչներն ու կուսակցութեան համակիրները քայլարշաւով հասան Մատենադարան, միացան այնտեղ հաւաքուածներուն եւ քալեցին դէպի Ազատութեան հրապարակ: