- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Հայաստանի մէջ մթնոլորտը նախընտրական է: Աւարտած է արդէն խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու առաջադրման ժամկէտը: Համամասնական ընտրակարգով ընտրելի 90 պատգամաւորական աթոռներուն համար պիտի պայքարին 9 կուսակցութիւններ, «Բարգաւաճ Հայաստան», «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» «Հայաստանի Հանրապետական», Հայ Ազգային Քոնկրես, Ժառանգութիւն, Օրինաց Երկիր, Հայաստանի Դեմոկրատական, Հայաստանի կոմունիստական, «Միաւորուած Հայեր» կուսակցութիւնները:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
ԵՐԵՒԱՆ, «7 Օր».- 4 Ապրիլին Քաղաքագէտներու միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած լսումներէն ետք, որուն մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան, «Բարգաւաճ Հայաստան»ի, ՀՅԴի, ՀԱԿի, «Ժառանգութեան» եւ «Ազատ դեմոկրատներ»ու ներկայացուցիչները, քննարկուած է միասնական հանրային ղեկավարման մարմին ստեղծելու հարցը:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
«Նոյնիսկ ատրպէյճանցի պատգամաւորները մեզի կը մօտենային եւ կ՛ըսէին,
որ իրենց վրայ ալ վատ ազդեցութիւն ձգած է Ալիեւի ելոյթը»
ըսին Պաքուէն վերադարձած
պատուիրակութեան անդամները
«Եւրանեսթ»-ի մէջ հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան յայտարարեց, որ ճիշդ եւ արդարացուած էր հայկական պատուիրակութեան մասնակցութիւնը «Եւրանեսթ»-ի՝ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած Խորհրդարանական վեհաժողովին:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Եւրանեսթի Խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական հարցերով կոմիտեի հերթական հաշուետուութեան մէջ պիտի ուսումնասիրուին տարածաշրջանային անվտանգութեան հետ կապուած հարցերը, Պաքուի մէջ կայացած նիստի արդիւնքներուն մասին խօսելով ըսաւ Եւրանեսթի ԽՎ համանախագահ Քրիստիան Վիգենինը:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Եւրոնեսթ»ի 3 Ապրիլի լիագումար նիստին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացի մասին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կոշտ ձեւակերպումներով ելոյթը ո՛չ միայն հայկական կողմին համար անընդունելի էր, այլ նաեւ՝ եւրոպացի պատգամաւորներուն համար: Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան արդէն այս առնչութեամբ գրաւոր բողոք ներկայացուցած է։