Երէկ 2 Մայիսին, Ազատութիւն հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եզրափակիչ հանրահաւաքը, որուն ընթացքին խօսք առնողները անդրադարձան ՀՅԴի ներկայացուցած ծրագիրին կարեւորութեան՝ Հայաստանի կացութեան բարելաւման իմաստով։

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան 25 Ապրիլին ընդունած է անուանի գրող, հրապարակախօս, Փատովայի համալսարանի ժամանակակից իտալական գրականութեան փրոֆեսէօր Անթոնիա Արսլանը։

ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Ռապըրթ Պրետթքի (ԱՄՆ), Իկոր Փոփով (Ռուսիա) եւ Ժագ Ֆոր (Ֆրանսա) Շաբաթ, Ապրիլ 28ին հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ մը՝ դատապարտելով Արցախի հակամարտութեան շփման գիծին վրայ արձանագրուղ զինադադարի խախտումները, որոնք կը շարունակեն զոհեր խլել:

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».-  Մարտունի քաղաքի Երեւանեան փողոցին մէջ փակցուած ՀՅԴ քարոզչական պաստառները պատռուած են:

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան  մտաւորականութեան հետ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներու հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, որ Դաշնակցութիւնը պաշտօնապէս պատկերասփռուած բանավէճի կը հրաւիրէ ընտրութեան մասնակցող բոլոր կուսակցութիւններու եւ դաշինքներու առաջին դէմքերը: