Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները այցելած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուող ատրպէյճանցի գերի Մամեդբաղիր Ախունդզադէին։


Ինչպէս ատրպէյճանական 1news.az համացանցային պարբերականին փոխանցուած է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի Պաքուի գրասենեակի ներկայացուցիչներուն կողմէ, կազմակերպութեան անդամները նամակ փոխանցած են գերիին, որ, իր կարգին, իր հօր ուղղուած նամակ մը յանձնած է իրենց:
Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի վկայութեամբ՝ ազերիական բանակի 1-ին կորպուսի 703-րդ բրիգադի զինուոր Ախունդզադէն  Պաշտպանութեան բանակի դիրքապահներուն ինքնակամ գերի յանձնուած էր Յունուար 23-ին, Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զօրքերու շփման գիծի հիւսիսարեւելեան հատւածի՝ Վերին Չայլուի ուղղութեամբ: