Հայաստան մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ Իրանէն քարիւղի մթերք ներկրելու հարցով։ Այս մասին յայտնած է քարիւղի մթերքի իրացման իրանական ազգային ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ճալիլ Սալարի:
Իրանական Mehr գործակալութեան հաղորդումով՝ Սալարի ըսած է, որ Հայաստանի համար տնտեսապէս արդարացուած չէ քարիւղի մթերք ներկրել Վրաստանէն, այդ իսկ պատճառով Հայաստան սկսած է ներկրել Իրանէն: Անոր խօսքերուն համաձայն՝ առաջին փուլին իրանական մասնաւոր ընկերութիւնները քարիւղի մթերքը Հայաստան պիտի հասցնեն ինքնաշարժներու ճանապարհներով, իսկ հետագային՝ խողովակաշարով:
Յիշեցնենք, որ Փետրուարին Հայաստանի ու Իրանի ուժանիւթի նախարարները համաձայնագիր ստորագրած են, որուն համաձայն՝ Իրանը հարեւան երկիր պիտի արտահանէ պենզին ու քարիւղի մթերք: Խողովակաշարով պիտի արտահանուին պենզինը, մազութն ու օդանաւերու վառելիքը:
Սալարի յայտարարած է, որ Իրան մտադիր է մեծցնել քարիւղի մթերքներու արտադրութեան ծաւալները: