«Միս Հայաստան» գեղեցկութեան եւ նրբագեղութեան ազգային մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ, Գաբրիէլ Սունդուկեանքի անուան ազգային ակադեմական թատրոնէն ներս: Յաղթական դուրս եկաւ Երեւանի ներկայացուցիչ 20ամեայ Աննա Առաքելեանը:

Մրցումին մասնակցեցան Երեւանէն եւ ՀՀ այլ մարզերէ 18 աղջիկներ, որ բեմ բարձրացան լողազգեստներով եւ երեկոյեան զգեստներով, ինչպէս եւ ազգային տարազներով:
Մրցոյթի յաղթող երիտասարդուհին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ միջազգային շարք մը ձեռնարկներու: