Ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական ուժերը արդէն թեւակոխած են նախընտրական քարոզչութեան փուլ: Հ.Յ.Դ. վճռակամութեամբ կը սկսի կատարել իր նախընտրական քարոզչութիւնը, հաւաստիացնելով թէ այն պիտի ըլլայ՝ աշխուժ, նպատակային եւ յաղթական

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը երէկ կայացած հաւաքով մը սկսաւ իր նախընտրական քարո- զարշաւը՝ ներկայացնելով կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրը, որ կ'ընդգրկէ 147 քայլ:
Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմնի անդամ, հասարակական հարցերու նախկին նախարար Աղուան Վարդանեան  ըսաւ, որ Հ.Յ.Դ. ցուցադրութիւններով եւ պարերով չէ որ պիտի սկսի  իր քարոզարշաւը, այլ պիտի ներկայացնէ գաղափարները, որոնք պիտի ըլլան յաղթական:
Ապա Հ.Յ.Դ. անդամ, գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Դաւիթ Լոքեան, ամփոփ գիծերու մէջ  ներկայացնելով ծրագրի սկըզբունքները, համաձայն գտնուեցաւ այն դիտարկման, որ Հ.Յ.Դ. ծրագիրը «մաքսիմալիստական է»:
Դաւիթ Լոքեան նշեց, որ առաջին  բաժինը կը վերաբերի պետութեան եւ քաղաքացիներու կեդրոնամէտ ուղղուածութեան:
Արտաքին քաղաքականութեան հարցով ԱՊՀ տարածաշրջանի հետ լաւագոյն յարաբերութիւններ պահպանելով՝ Հ.Յ.Դ. պիտի փորձէ զարգացնել Եւրոպական Միութեան շրջանակներէն ներս  համագործակցութեան ընդհանուր սկզբունքներ:
Ծրագրի հիմնական ուշադրութիւնը, ըստ իր խօսքերուն, ուղղուած պիտի ըլլայ հասարակական հարցերուն եւ պիտի ընդգրկէ երկու ուղղուածութիւն՝ համախառն արտադրանքի բուռն աճ                    եւ բարիքներու հասցէագրուած բաշխում՝ ընդգրկելով Սփիւռքի ամբողջ ուժը: «Հիմնական զարգացումը պէտք է ուղղուի դէպի արտահանումը, սրա համար համաշխարհային փոփոխութիւններ ապահովելով, դրամատների ստեղծում, որոնք պէտք է խրախուսեն արտահանումը»,- ըսաւ ան:
Դաւիթ Լոքեան խօսեցաւ նաեւ Արցախի, Ջաւախքի եւ հայկական Սփիւռքի որոշ գաղթօճախներու խնդիրներուն մասին: Մասնաւորապէս, ըստ անոր, Հ.Յ.Դ.-ն կը նախատեսէ մեծցնել Ղարաբաղին տրուող օժանդակութեան չափը:
Հ.Յ.Դ. անդամ, աշխատանքի եւ հասարակական հարցերով նախկին նախարար Արսէն Համբարձումեան ներկայացուց ծրագրի հասարակական բաժինները, որոնք, ըստ անոր, ուղղուած պիտի ըլլան աշխատավարձի բարձրացման, զբաղուածութեան ապահովման, ժողովրդագրական վիճակի բարելաւման եւ աղքատութեան յաղթահարման:
Արսէն Համբարձումեան հաւաստիացուց, որ կուսակցութիւնը  ի վիճակի է ստեղծելու 200,000-225,000 աշխատատեղ: «Ասոնք, զուտ թիւեր չեն, այլ հիմնուած են յստակ հաշուարկներու վրայ» ըսաւ ան:
Հ.Յ.Դ. ծրագրով‘ աղքատութեան շեմը կը համարուի կենսաապահովման նուազագոյն պիւտճէի մեծութիւնը, որ պիտի հասցուի 63,000 դրամի, ներկայ 33,000-ի փոխարէն:
Ժողովրդագրական վիճակի բարելաւման  հարցով ծրագիրը ուղղուած պիտի ըլլայ ներգաղթի խրախուսման, արտագաղթի կասեցման, ծնելիութեան ցուցանիշի աճին:
«Արդիւնքում իւրաքանչիւր տարի բնակչութեան թուաքանակը կ'աճի 50,000-ով: Իսկ նորամուծութիւն կը լինի այն, որ մինչեւ 7 տարեկան երեխաների համար կը սահմանուի ամենամսեայ նպաստ, առաջին երեխայի դէպքում 20.000 դրամ, երկրորդ երեխայի դէպքում 25.000, երրորդ երեխայի դէպքում 40.000 դրամ, եւ չորրորդ, հինգերորդ եւ միւսների դէպքում 60.000 դրամ: Իսկ հինգ երեխաներ ունեցողներին անհատոյց կը տրամադրուի բնակարան»,- ըսաւ ան:
Հ.Յ.Դ. պատգամաւոր Արա Նռանեան ներկայացուց արտասահմանի եւ փոքր ու միջին գործարարութեան խթանման բաժինները: Ան նախ յիշեցուց, որ Հ.Յ.Դ. այն միակ կուսակցութիւնն է, որ նախկին ընտրութիւններուն հետամուտ եղած է իր ներկայացուցած ծրագրերուն: «Հ.Յ.Դ.ն աւելի հետամուտ էր, քան իշխող քաղաքական ուժը»,- ըսած է ան:

Գիտութեան Ֆինանսաւորումը Տասը Անգամ Պիտի Աւելնայ

Հ.Յ.Դ. պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան, իր կարգին, խօսեցաւ Գիտութեան մարզի շուրջ, նշելով թէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը իր նախընտրական ծրագրով կը նախատեսէ գիտութեան բնագաւառի նիւթական բաժինը հասցնել երկրի համախառն ներքին արդիւնքի՝ 1-2%-ի։
Լիլիթ Գալստեան աւելցուց, թէ Հ.Յ.Դ. փաստօրէն կը նախատեսէ տասը անգամ աւելցնել գիտութեան ոլորտի պետական ֆինանսաւորումը: Ան դիտել տուաւ թէ տնտեսական նախագիծերը պիտի իրականացուին բացառապէս շրջակայ միջավայրի վրայ անոնց ազդեցութեան փորձաքննութեան եւ համապատասխան եզրակացութեան առկայութեան պարագային, իսկ անոնց արդիւնքները պէտք է հասանելի ըլլան հանրութեան:
Լիլիթ Գալստեանի խօսքով՝ աստիճանաբար պիտի ներդրուի առողջութեան պարտադիր ապահովագրութեան պետական ընկերակցական վճարումներու համակարգ, ինչպէս նաեւ պիտի ապահովուի ուսման մատչելիութիւնը:


Գիւղատնտեսական Եւ Դրամավարկային Քաղաքականութիւն

Հ.Յ.Դ .պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան խօսեցաւ գիւղատնտեսական եւ հակապիւտճէտային, դրամավարկային քաղաքականութեան մասին, նշելով թէ  «Առաջնահերթ՝ գիւղացուն պէտք է տրուի պետական աջակցութիւն, մեղմուին  գիւղատնտեսական վարկերի տրամա- դրման պայմանները, սուպսիտաւորուին (օգնութիւն ստանան) վարկերի տոկոսադրոյքները»,- ըսաւ ան եւ ներկայացուց լուծում ենթադրող շուրջ երկու տասնեակ քայլ: