Հաշուի առնելով Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին
հրապարակած նախնական տուեալները՝
խորհրդարան անցած են 6 քաղաքական ուժեր՝
5 կուսակցութիւններ (ՀՀԿ, ԲՀԿ, ՀՅԴ, «Ժառանգութիւն» եւ ՕԵԿ)
եւ կուսակցութիւններու դաշինք մը՝ ՀԱԿը:

Երեւանի Նալպանդեան-Մոսկովեան փողոցներու խաչմերուկին 25 Ապրիլին բացուեցաւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ զոհուած ասորիներու յիշատակին նուիրուած յուշաքարը:

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն եւ իրենց ուրոյն մշակոյթի ներկայացման նուիրուած փառատօն:

4 Մայիսի երեկոյեան Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է արտակարգ դէպք մը։ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան հանրահաւաքին մասնակցելու նպատակով մեծ թիւով մարդիկ հաւաքուած էին հոն։ Յանկարծ պայթումի ձայն լսուած է, եւ հրդեհ սկսած է։

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրօ երէկ հիւրընկալուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ: