Երեւանի Նալպանդեան-Մոսկովեան փողոցներու խաչմերուկին 25 Ապրիլին բացուեցաւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ զոհուած ասորիներու յիշատակին նուիրուած յուշաքարը:
Բացման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի «Աթուռ» ասորական կազմակերպութեան, ՀՀ կառավարութեան, ՀՀ նախագահի խորհրդականին կից ստեղծուած ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներէն կազմուած մարմնի անդամներ, Համաշխարհային ասորական միութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ՝ պատուիրակներ Եւրոպայէն, Աւստրալիայէն, ԱՄՆ-էն, Ռուսաստանէն եւ Վրաստանէն:
«Երեկ ամբողջ օրը քրիստոնեայ աշխարհը ու ամբողջ հայութիւնը կը նշէին 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած աշխարհի ամենամեծ ոճրագործութեան՝ Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեայ տարելիցը: Ցեղասպանութիւն, որմէ անմասն չէ մնացած նաեւ ասորի ժողովուրդը»,- արձանի բացումէն առաջ ըսաւ վաստակաւոր արտիստ, Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան թատրոնի դերասան, ազգութեամբ ասորի Ռազմիկ Խօսրոեւ:
Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը, ապա շարունակուեցին ելոյթները:
Հայաստանի «Աթուռ» ասորական միութեան նախագահ Արսէն Միխայելով նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ զոհուած բոլոր ազգերն ալ պահանջատէր են Թուրքիայէն:
«Չենք մոռանար զոհերուն յիշատակը, հայ ազգը, ասորին, յոյները, բոլորս պահանջատէր ենք Թուրքիայէն: Անմեղ զոհերու յիշատակը պէտք է յաւերժացնենք եւ պահանջատէր ըլլանք, որ ճանչնան կատարուած ոճրագործութիւնը եւ անպայման հատուցեն այդ կորուստը, որ ունեցած են մեր ազգերը»,-ըսաւ ասորի Միխայելով:
ԱՆ իր խօսքին մէջ յատուկ յիշատակեց լուսահոգի վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանը, որ, անոր խօսքով, ժամանակին ասորիներուն հնարաւորութիւն ընձեռած է ունենալու այս յուշարձանը, նաեւ իւրայատուկ մօտեցում ցուցաբերած է ասորական համայնքին նկատմամբ: Ան իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց նաեւ իշխանութիւններուն՝ ասորի համայնքին սատարելու համար: