14.000 հոգի վերապատրաստման դասընթացքներու հետեւեցան
Հայաստանի ընտրութիւններու ընթացակարգին եւ բարոյական չափորոշիչներուն հսկելու իմաստով, 14.000 ընտրական պաշտօնեաներ, դասընթացքներու հետեւեցան:
Դասընթացքը որ սկսած էր Ապրիլ 15ին, կազմակերպուած էր Հայաստանի Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի եւ Միջազգային Հիմնադրամի ընտրական համակարգի կողմէ, աջակցութեամբ եւ ֆինանսական նեդրումով ԵԱՀԿի Երեւանեան գրասենեակին:
Դեսպան Անտրէյ Սորոքին, որ գործի համադրումն ու ղեկավարումը ստանձնած էր, դիտել տուաւ թէ «արդիւնաւէտ եւ թափանցիկ ընտրութիւններ ապահովելու համար ընտրական պաշտօնեաները անհրաժեշտ հմտութիւններ եւ փորձառութիւն ձեռք ձգեցին»: Ան աւելցուցած է թէ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ կը նպաստեն Հայաստանի ընտրական գործընթացներու խթանման:
ՀՀ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԻՆԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Իր աւարտին հասած է Հայաստանի մէջ Կիրակի 6 Մայիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու նախորդող շրջանը:
Ինչպէս հաղորդուեցաւ ՀՀ ոստիկանութեան ղեկավարութեան կողմէ, ընտրութիւններուն օրը պաշտօնի վրայ եղող ոստիկանութեան ծառայողներուն անուանացանկը յստակացած է, իր համապատասխան ընտրատարածքներով։ Հայաստանի ոստիկանութեան պետի առաջին տեղակալ Յունան Պօղոսեան այս մասին յայտնած է, որ արդէն կատարուած է համապատասխան ուժերու հաշուարկ եւ տրամադրուած են նաեւ լրացուցիչ ուժեր, որոնց ընդհանուր թիւը շուրջ 9 հազար է։
«Բոլոր ուժերը բաւարար են եւ ունենք մշակուած ձեւաչափ, որի մասին զեկուցուել է նաեւ Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանին: Ցանկացած ընտրատեղամասում՝ Երեւանից մինչեւ ամենահեռաւոր համայնք, գիտենք, թէ որ ոստիկանն է ծառայութիւն կատարում, ունենք նրա տուեալները եւ հեռախօսահամարը», նշած է ան:
Հասարակական կարգի ապահովման պետի տեղակալ Կարէն Մեհրաբեանը յայտնած է, որ ընտրութիւնները համապետական մակարդակի ու տարողութեամբ իրադարձութիւններ են, ուստի մեծ քանակութեան ուժեր ներգրաւուած են անոնց մէջ: «41 ընտրատարածքներում եւ 1975 ընտրատեղամասերում ծառայութիւն են իրականացնելու մօտ ինը հազար ոստիկաններ: Ընդգրկուած են պահեստային, լրացուցիչ տարածքային մարմինները», ըսած է Մեհրաբեան: Անոր համաձայն, հաշուարկները ամբողջական եւ բծախնդիր կերպով կատարուած են, ոչ մէկ տեղ թերացումներ կան, նշանակուած են նաեւ ընտրամասերու ղեկավարները։
Ոստիկանութիւնը նշած է, որ ընտրութիւնները տօն են, եւ իրենք ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի Հայաստանի քաղաքացին տօնական տրամադրութիւնը ըմբոշխնէ։ Իսկ անոնք, որոնք իրենք իրենց գոյութիւն չունեցող արտօնութիւններ կու տան, պիտի պատժուին, նշած են ոստիկանութենէն։
Նախագահ Սարգսեան Կը Սատարէ Գագիկ Ծառուկեանի Թեկնածութեան
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Աբովեանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին աբովեանցիներուն կոչ ուղղեց քուէարկելու ի նպաստ Գագիկ Ծառուկեանի:
Նախագահը նշեց, որ հոն, ուր Հանրապետական կուսակցութիւնը թեկնածու չէ առաջադրած, կը պաշտպանէ համաձայնական կառավարութեան իր գործընկերներուն առաջադրած թեկնածուները:
Նախարար Նալբանդեան Ընդունեց ԱՊՀ Դիտորդական Առաքելութեան Ղեկավարը
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց ԱՊՀ դիտորդական առաքելութեան ղեկավար, ԱՊՀ գործադիր քարտուղարի տեղակալ Վլատիմիր Կարքունը:
Բարձր գնահատելով դիտորդական առաքելութիւններու իրականացման համար Հայաստանի իշխանութիւններուն ստեղծած պայմանները՝ ԱՊՀ դիտորդական առաքելութեան ղեկավարը ընդգծեց, որ իրենց գնահատումով երկրին մէջ ստեղծուած են անհրաժեշտ պայմանները հաւասար ընտրարշաւի եւ ազատ ընտրութիւններու կայացման համար: