Հաշուի առնելով Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին
հրապարակած նախնական տուեալները՝ խորհրդարան անցած են 6 քաղաքական ուժեր՝
5 կուսակցութիւններ (ՀՀԿ, ԲՀԿ, ՀՅԴ, «Ժառանգութիւն» եւ ՕԵԿ)
եւ կուսակցութիւններու դաշինք մը՝ ՀԱԿը:
Երեսփոխաններու բաժանումը հետեւեալ ձեւով տեղի կ'ունենայ.-
ՀՀԿ (Հանրապետական) 69 աթոռ, ԲՀԿ (Բարգաւաճ) 36 աթոռ,
ՀԱԿ (Քոնկրես) 7 աթոռ, ՕԵԿ (Օրինաց Երկիր) 6 աթոռ,
Հ.Յ.Դաշնակցութիւն 6 աթոռ, «Ժառանգութիւն» 5 աթոռ
Միջազգային դիտորդները կը յայտարարեն,
թէ Հայաստանի մէջ կատարուեցան եւրոպական
չափանիշներուն համապատասխան ընտրութիւններ
Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողո վը երէկ ժամը 13:00-ին նիստի ժամանակ կազմեց արձանագրութիւն, ամփոփելով Մայիս 6-ին համամասնական ընտրակարգով տեղի ունեցած խորհրդարանի ընտրութիւններու նախնական տուեալները:
Ըստ այդ տուալներուն, խորհրդարան մտնելու համար սահմանուած շեմը յաղթահարեցին Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ), «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը (ԲՀԿ), Հայ ազգային կոնգրէսը (ՀԱԿ), «Ժառանգութիւն»-ը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) եւ «Օրինաց երկիր»-ը (ՕԵԿ)։
ԿԸՅ-ի ամփոփած տուեալներով Հանրապետական կուսակցութիւնը ստացած է ձայներու ընդհանուր թիւի 43.94 տոկոսը, «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը ստացած է 30.13 տոկոսը, Հայ Ազգային Կոնգրէսը 7.08 տոկոսը, «Ժառանգութիւն»-ը 5.77 տոկոսը, Դաշնակցութիւնը 5.73 տոկոսը, «Օրինաց երկիր»-ը 5.48 տոկոսը։
Հայաստանի դեմոկրատական, Հայաստանի կոմունիստական եւ «Միաւորուած հայեր» կուսակցութիւնները չեն յաղթահարած խորհրդարանին մէջ կուսակցութեան ներկայացուած ըլլալու համար պահանջուող 5 տոկոսի շեմը, ստանալով համապատասխանաբար ձայներու 0.37, 1.06 եւ 0.20 տոկոսը։
Վերոյիշեալ տուեալներով, ինչպէս պարզաբանեց Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը, հաշուի առնուած է նաեւ անճշտութիւններու թիւը։
ԿԸՅ-ը սկսած կէս գիշերէն համամասնական ընտրակարգով ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները կը հրապարակէր երեք ժամը մէկ։ Առաւօտեան ժամը 9-էն յետոյ Հայ Ազգային Կոնգրէսի ստացած քուէները աստիճանաբար աւելցան տասնորդական տոկոսներու շնորհիւ, եւ ՀԱԿ-ը, ի վերջոյ, յաղթահարեց խոր- հըրդարան մտնելու համար դաշինքին անհրաժեշտ 7 տոկոսի շեմը։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հարցումին, թէ ինչո՞վ կը բացատրէ այդ հանգամանքը, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը պատասխանեց. - «Բոլորդ ներկայ էք եղել, այդ թիւերը, որոնք ստացւում էին տեղամասերից, դրանք ստացւում էին, ի, դէպ, ոչ թէ մէկ ընտրատարածքի, այլ տարբեր ընտրատարածքների տեղամասերից պայմանաւորուած այն հանգամանքով, թէ ինչպիսին է ընտրողների թիւը մեծ է, փոքր է, եւ այլն, դրանով պայմանաւորուած մի թիւն աւելի շուտ է ստացւում, միւս թիւը աւելի ուշ է ստացւում... »։
Քուէարկութեան վերջնական արդիւնքները ԿԸՀ-ն պէտք է ամփոփէ ընտրութիւններէն ետք 7 օրուայ ընթացքին։
ԴԻՏՈՐԴՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԵՆ
Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները կատարուեցան միջազգային չափանիշներով: Այս մասին Մայիս 7-ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին նշեց Ընտրական համակարգերու հետազօտութեան միջազգային կեդրոնի ԱՄՆ ներկայացուցիչ Լիդիա Լոուսոնը: «Քուէարկութիւնն անցել է առանց որեւէ լուրջ խախտումների: Դիտորդները գնացել են 117 ընտրական տեղամասեր վեց շրջաններում», «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ ըսաւ Լոուսոնը: Ընտրական տեղամասերու գործունէութիւնը եղած է առանց որեւէ խախտումներու, սակայն որոշ տեղամասերու մէջ գործընթացը աւելի լաւ կազմակերպուած եղած է: Մի քանի տեղերու մէջ հնարաւորութիւնները աւելի մեծ եղած են՝ թոյլ տալու հաշմանդամութիւն ունեցող մարդոց եւ մեծահասակներուն անարգել իրագործել իրենց քաղաքացիական պարտքը: «Շատ ընտրատարածքներ ունեցել են տեխնիկական խնդիրներ, որոնք կապուած են եղել կնիքների թանաքների՝ անձնագրերից ցնդելու հետ: Սակայն վիճակը շտկուել է, երբ փոխարինուել են սովորական թանաքներով»,- նշեց ան:
Չեխիայի ներկայացուցիչ Աննա Չուրդովան փաստեց, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները անցած են եւրոպական օրէնքներով եւ ժողովրդավարական չափանիշներով: «Բոլոր քաղաքական ուժերը հնարաւորութիւն են ունեցել ԶԼՄ-ների միջոցով ներկայացնել իրենց ծրագրերը: Հայաստանի այն ընտրատեղամասերում, որտեղ մենք եղանք, տեսանք շատ հանգիստ մթնոլորտ»,- ըսաւ Չուրդովան: Ըստ անոր խօսքերուն՝ նկատելի էր, որ հայերը եկած են ընտրելու անոնց, որոնց կը սիրեն եւ որոնց կը ցան- կան տեսնել ապագայ խորհրդարանին մէջ:
Չեխիայի ներկայացուցիչը եւս խօսեցաւ մի քանի տեխնիկական խնդիրներու առկայութեան մասին, սակայն համոզմունք յայտնեց, որ անոնք ոչ մէկ նշանակութիւն կարող չեն ունենալ ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ: Հայաստանի մէջ գտնուելով երրորդ անգամ՝ Չուրդովան նկատեց, որ երկիրը մեծ առաջընթաց ապրած է, եւ հայ ժողովուրդը կþապրի ժողովրդավարական երկրի մէջ:
Լեհաստանի ներկայացուցիչ Մաթէոս Պիսկորսկին ընդգծեց, որ նախկին ԽՍՀՄ երկիրները պէտք է տեսնեն եւ սորվին, որ Հայաստանի մէջ կատարուեցան եւրոպական չափանիշներու համապատասխան ընտրութիւններ: Նկատուած է ընտրողներու բարձր աշխուժութիւն, եւ ոչ մէկ լուրջ խախտումներ չեն գրանցուած: «Մենք Հայաստանի մասին կը խօսինք որպէս ժողովրդավարարական երկիր»,-ըսաւՊիսկորսկին:
«ՀՅԴ-ն այլ քաղաքական ուժերու հետ
կը համագործակցի յստակ ծրագիրներու շուրջ» կ՛ըսէ Արտաշէս Շահբազեան
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Արտաշէս Շահբազեան տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը չի համագործակցիր այն սկզբունքով, թէ ո՛վ զով կը քննադատէ, այլ կը համագործակցի յստակ ծրագիրներու շուրջ: Ըստ անոր, այդ գծով բացառութիւններ չկան ոեւէ մէկուն նկատմամբ:
Պատգամաւորը նշեց, որ ազգաբնակչութեան հետ կուսակցութեան յարաբերութիւնները իւրատեսակ հարցախոյզներու դեր կը կատարեն, քանի որ անոնցմով յստակ կը դառնայ մարդոց վերաբերմունքը քաղաքական ուժի մը նկատմամբ:
Անդրադառնալով պատուիրուած հարցախոյզներուն՝ Շահբազեան նշեց, որ ամիս մը առաջ պաշտօնական տուեալ տարածեցին, թէ ժողովուրդին 50 առ հարիւրը իր ապագան Հայաստանի մէջ չի տեսներ եւ որոշ կարելիութիւններ կը փնտռէ Հայաստանէն հեռանալու համար: Ան աւելցուց, որ անկէ ետք կը յայտնուի «Կալուփ» անունով ընկերութիւն մը եւ կ՛ըսէ, որ բնակչութեան 70 առ հարիւրին ուշքը կ՛երթայ կառավարութեան եւ իշխանութիւններուն համար: Ան հարց տուաւ, որ արդեօք կարելի՞ է այս երկուքը իրարու հետ համադրել:
Ինչ կը վերաբերի մաքուր եւ արդար ընտրութիւններ կատարելու իշխանութիւններու խոստումներուն, դաշնակցական պատգամաւորը շեշտեց, որ խոստանալը մէկ բան է, ընելը՝ ուրիշ բան: