Ատրպէյճանի խորհըրդարանի երեք հոգինոց պատուիրակութիւնը Հայաստան պիտի այցելէ:

Շուշիի շրջանի շուրջ 660 բնակիչ ունեցող Քարին Տակ համայնքին մէջ, «Հայաստան» հիմնադրամին ջանքերով կը կառուցուի խմելու ջուրի համակարգ մը, որ յառաջիկայ աշնան գիւղին 194 ընտանիքնները պիտի ապահովէ ջուրով:

Հանրապետական կուսակցութիւնը առայժմ համախոհական կառավարութիւն կազմելու խնդրի շուրջ վերջնական որոշում չէ կայացուցած: Այս մասին, «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հարցին պատասխանեց նախագահ՝ ՀՀԿ-ի ղեկավար Սերժ Սարգսեանը՝ Հինգշաբթի ուշ երեկոյեան ՀՀԿ-ի գործադիր մարմնոյ նիստէն անմիջապէս ետք:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Շանթ» Ուսանողական Միութիւնը Չորեքշաբթի, 16 Մայիսին հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր կը դատապարտէ Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ատելութեան եւ անհանդուրժողութեան դրդումով կատարուած յանցագործ արարքը:

Հայաստանի ֆուտպոլի ֆետերասիոնը կը տեղեկացնէ, որ Մայիս 31-ին Աւստրիայի Քուֆշտէյն քաղաքին մէջ կայանալիք Յունաստան-Հայաստան ընկերական հանդիպման տոմսերը արդէն վաճառքի մէջ են: