- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Յաղթանակի տօնին, Լեռնային Ղարաբաղի բանակի եւ Շուշիի ազատագրման օրուան նուիրուած հանդիսութիւններուն շրջագիծին մէջ Ստեփանակերտ կը գտնուի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ երէկ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ուղեկցութեամբ այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ զետեղեց զինուորներու շիրիմներուն:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Արդէն կարելի է ստանալ նորընտիր՝ 5-րորդ գումարման Ազգային Ժողովի նախնական պատկերը, եւ իմանալ, թէ ո՞ր քաղաքական ուժը՝ քանի՞ աթոռ կը զբաղեցնէ խորհրդարանին մէջ:
Ըստ «Թերթ.էմ» կայքին, վերեւը նշուած ցուցանիշերը վերջնական չեն. անոնք կրնան ենթարկուիլ աննշան փոփոխութիւններու:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետ զրուցելով, իր դժգոհութիւնը արտայայտած է Կիրակի օր կայացած ընտրութիւններու արդիւնքներու կապակցութեամբ:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Եւրոպական խորհրդարանը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ թափանցիկ, ժողովրդավարական եւ արդար մրցակցային ընտրութիւններու կայացման կարեւորութեան:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
«Դաշնակցութիւնը դեռ իր տեսակէտը չի ասել, կը քննարկի, կþորոշի, կը փոխանցենք, դեռ չեմ կարող ասել»,-Panorama.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ համամասնական ցուցակի 3-րդ տեղը գտնուող Արտաշէս Շահբազեան, գնահատելով արդէն հրապարակուած համամասնական քուէաթերթիկներուն արդիւնքները: