«Դաշնակցութիւնը դեռ իր տեսակէտը չի ասել, կը քննարկի, կþորոշի, կը փոխանցենք, դեռ չեմ կարող ասել»,-Panorama.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ համամասնական ցուցակի 3-րդ տեղը գտնուող Արտաշէս Շահբազեան, գնահատելով արդէն հրապարակուած համամասնական քուէաթերթիկներուն արդիւնքները:


Նշենք, որ նախնական տուեալներով ՀՅԴ-ն ստացած է ձայներու 5.73%-ը ապագայ խորհրդարանին մէջ  կþունենայ 6 պատգամաւոր:
Շահբազեանի խօսքով, ընտրութիւններուն դեր խաղաց զանգուածային կաշառքը: «Փողը յաղթել է մնացած ամէն ինչին  գաղափարներին, ծրագրերին  այլն»,-ըսաւ դաշնակցական գործիչը:
Շահբազեան ըսաւ, թէ հետագայ քայլերը, ինչպէս՝ ընտրութեան արդիւնքներու բողոքարկումը չեն քննարկուած դեռ, նախ հարցը կը քննարկուի կուսակցութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ-ն ընդգրկուած է ընտրութիւններու վերահսկողութեան համար ստեղծուած միասնական շտաբին մէջ: Շահբազեան ըսաւ, որ  միասնական շտաբով ալ հետագայ քայլերու վերաբերեալ քննարկում չէ եղած: