Երեւանի «Ուրբաթ» ակումբին մէջ տեղի ունեցած է Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի 85ամեակին նուիրուած մամլոյ ասուլիս, մասնակցութեամբ ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեանի եւ «Ազդակ»ի հայաստանի աշխատակից Թաթուլ Յակոբեանի:

22-28 Մայիսին Հիմնադրամի հոգաբարձուներէն, տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներէն եւ բարերարներէն կազմուած պատուիրակութիւններ աշխատանքային այցելութիւններ տան հայաստանեան եւ ղարաբաղեան իրականացուող ծրագիրներու։ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի 21րդ նիստը տեղի պիտի ունենայ 30 Մայիսն:

Համաձայն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի տուեալներուն, անցեալ շաբթուան ընթացքին  ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանին, հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտուած է շուրջ 300 անգամ:

Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան յայտարարած է, որ Հայաստանի նոր Ազգային ժողովի առաջին նիստը պիտի սկսի 31 Մայիսին՝ ժամը 10:00-ին:

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը
ներկայ գտնուեցաւ Աթէնքի մէջ
ոգեկոչական ձեռնարկներուն

Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութիւնը պատշաճ կերպով նշուեցաւ Յունաստանի մէջ, Աթէնքէն մինչեւ Թեսաղոնիկէ եւ տարբեր քաղաքներու մէջ կազմակերպուած յիշատակի ձեռնարկներով։