Իտալիոյ նախագահ Ճորճիօ Նափոլիթանօ «Տը Պիզնես Եիր» ամսագիրին հետ Ատըրպէյճանի վերաբերեալ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծումը միջազգային ընտանիքի ռազմավարական շահերէն կը բխի, որովհետեւ շրջանին ն որ կարելիութիւններ պիտի ընձեռէ:

Ան ողջունած է հակամարտող կողմերուն ստանձնած պարտաւորութիւնը՝
դիւանագիտական
ճամբով գտնել խնդիրի խաղաղ լուծման ուղիներ

«Տագնապին լուծումը պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան՝  ստեղծելով տնտեսական նոր կարելիութիւններ եւ երիտասարդ սերունդին լաւագոյն ապագայ երաշխաւորելով», ըսած է Նափոլիթանօ:
Ան հաստատած է ղարաբաղեան տագնապի սթաթիւս  քոյի պահպանման անընդունելիութիւնը եւ ողջունած է հակամարտող կողմերուն ստանձնած պարտաւորութիւնը՝  դիւանագիտական ճամբով գտնել խնդիրի խաղաղ լուծման ուղիներ: Իտալիոյ նախագահը կողմերուն կոչ ուղղած է շարունակելու հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութեան հասնելու ջանքերը:
Իտալիոյ նախագահ Ճորճիօ Նափոլիթանօ նաեւ ընդգծած է, որ կը հաւատայ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման գործին մէջ Եւրոպական Միութեան դերի արդիւնաւէտութեան: