Շուշիի շրջանի շուրջ 660 բնակիչ ունեցող Քարին Տակ համայնքին մէջ, «Հայաստան» հիմնադրամին ջանքերով կը կառուցուի խմելու ջուրի համակարգ մը, որ յառաջիկայ աշնան գիւղին 194 ընտանիքնները պիտի ապահովէ ջուրով:

Ծրագիրի հովանաւորներն են՝ Հիմնադրամի Յունաստանի, Կիպրոսի, Ուրուկուէյի, Արժանթինի ու Պրազիլի տեղական մարմինները, ինչպէս նաեւ ՀՕՄը:
Գիւղի ջրամատակարարման ներկայի համակարգը չի գործեր, այլ կ՛օգտագործուի միայն ոռոգման նպատակով: Բնակիչները խմելու ջուրը կը կրեն գիւղին երկու աղբիւրներէն:
Այժմ կը կառուցուի 3.8 քլմ. երկարութեամբ ջրատար, 4.5 քլմ. երկարութեամբ ներքին ցանց, 100 խորանարդ մեթր տարողութեամբ երկու ջրամբար, ջուր ընդունող կայան ու մաքրութեան համակարգեր:
Քարին Տակի այցելուներու ուշադրութիւնը կը գրաւէ 17րդ դարուն այդտեղ կառուցուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ «Մամռոտ քարեր» քարանձաւը, որուն ջրաւազանները, տեղացիներուն խօսքով, ունին բուժիչ յատկութիւններ: