Ստեփանակերտի նոր օդանաւակայանը պիտի կարողանայ սկզբնական շրջանին սպասարկել 100 ուղեւոր իւրաքանչիւր ժամուայ մէջ, իսկ ուղեւորափոխադրումները պիտի իրականացուին «Էյր Արցախ» ընկերութեան միջոցաւ

Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութեան մասին թուրք հասարակութիւնը իրազեկելու, խօսքի ազատութեան եւ մարդու իրաւունքները յարգելու համար մղուած անդուլ եւ սկզբունքային պայքարին համար, թուրք գրող, հրապարակախօս Ռակըպ Զարաքօլու Երեքշաբթի, Մայիս 29ին արժանացաւ Հայաստանի նախագահի 2011ի մրցանակին:

Կառավարութեան կայքէջին վրայ հրապարակուած են «Քաղաքական եւ սոցիոլոգիական խորհրդատուութիւնների ինստիտուտ»ի կատարած «Հայաստանի Հանրապետութեան կեանքի որակի ինտեքսը 2011ին» ընկերաբանական հարցախոյզին արդիւնքները:

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կայացող «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրին մէջ պիտի կազմակերպուին աւելի քան 50 ձեռնարկներ։

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».-  Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ 23 Մայիսին կայացան յիշատակի եւ ոգեկոչման ձեռնարկներ՝ նուիրուած Ամերիկեան Կարմիր Խաչի հիմնադիր եւ մարդասէր Քլարա Պարթոնին: Տեղի ունեցաւ նաեւ 1896 թուականին Քլարա Պարթոնի պատրաստած գիրքի վերածուած զեկուցումին՝ «Ամերիկեան Կարմիր խաչի նպաստամատոյց առաքելութիւնը Փոքր