Ատրպէյճանի խորհըրդարանի երեք հոգինոց պատուիրակութիւնը Հայաստան պիտի այցելէ:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «ԱՊԱ» գործակալութիւնը, պատուիրակութիւնը Հայաստան կ՛այցելէ մասնակցելու համար Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհըրդարանական (ՍԾՀԽ) վեհաժողովի 39րդ նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ:
Նախագահութիւնը Հայաստանէն պիտի փոխանցուի Ատրպէյճանի: