Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 15 Մայիսին Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ մասնակցած է Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան խորհուրդի յոբելենական նիստին, որ նուիրուած է Հաւաքական անվըտանգութեան վերաբերող պայմանագիրի ստորագրութեան 20-ամեակին եւ կազմակերպութեան ստեղծման 10-ամեակին:


Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները անդրադարձած են միջազգային արդի խնդիրներուն, համաշխարհային ու շրջանային մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու անվտանգութեան սպառնալիքներուն հակազդելու հետագայ միացեալ քայլերուն:
Քննարկուած են նախորդ տասը տարիներուն ընթացքին կազմակերպութեան տարած գործունէութեան հիմնական արդիւնքները:
Նիստի աւարտին որդեգրուած է միացեալ հռչակագիր, ուր միջազգային իրավիճակի զարգացման հիմնական ուղղութիւններուն եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գործունէութեան արժեւորումը կատարուած է:
Հաստատուած է նաեւ ՀԱՊԿի նպատակներուն եւ սկզբունքներուն նուիրականութիւնը, դաշնակցային յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ ամրապնդելու պատրաստակամութիւնը:


Մոսկուայի մէջ
Սերժ Սարգսեան հանդիպեցաւ Տմիթրի Մետվետեւի հետ

Երէկ Երեքշաբթի օր, Մոսկուայի մէջ կայացած է Տմիթրի Մետվետեւի ու Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը:
Պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն՝ հանդիպման ժամանակ Մետվետեւ վստահեցուցած է որ Ռուսաստան պիտի աջակցի Հայաստանի ընկերային-տնտեսական խնդիրները կարգաւորելու հարցին մէջ:
Տմիթրի Մետվետեւը նաեւ ընդգծած է որ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ յատուկ դաշնակցային յարաբերութիւններ կան:
Փոխադարձ շնորհաւորանքներէ ետք, քննարկումները աւելի ընդհանրացած ձեւով շարունակուած են:
Պաշտօնական տեղեկութիւններ չկան ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման հարցին մէջ Փութինի նախաձեռնութիւններու մասին: