Հայաստանի մէջ տեղակայուած 102-րդ ռուսական ռազմակայանի օդուժը՝ մօտ 20% տոկոսով բարձրացուցած է օդանաւերու թռիչքներու յաճախականութիւնը:

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հրաւէրով, 8 Յունիսին  տեղի ունեցած է հանդիպում՝ Ազգային ժողովի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խըմբակցութեան անդամներուն հետ:

4 Յունիսին ղարաբաղեան–ատրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցած յարձակումին պատճառով վիրաւորուած զինուորական ծառայողներուն վիճակը բաւական լաւ է, անոնց մէկ մասը արդէն շուտով պիտի կարենան վերադառնալ բանակ։

Արաքս գետին վրայ կառուցուող «Մեղրի» ջրելեկտրակայանի շինարարութեան հիմնարկէքը տեղի պիտի ունենայ այս տարուան 22 Օգոստոսին, Մեղրիի մէջ:
Շինարարութիւնը պիտի աւարտի 5 տարուան ընթացքին:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի յայտարարութիւնը

Սիրելի հայրենակիցներ, ԼՂՀ նախագահական ընտրութիւնների շեմին պահն է հասել՝ անցած հինգ տարիներին ԼՂՀ-ի ունեցած յաջողութիւններն ու անյաջողութիւնները վերաիմաստաւորելու եւ դրանց շուրջ մտորելու: