Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած է ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիքը։

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի սահմանային գիծին վրայ տիրող կացութիւնն ու վերջին զարգացումները։
Նախագահ Սահակեանը Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտման վերջին քայլերը նկատած է սադրիչ գործողութիւններ, որոնք տարածաշրջանի կայունութեան կը սպառնան, միջնորդ երկիրներուն ջանքերը ապարդիւն կը դարձնեն։ Ան անհրաժեշտ նկատած է համապատասխան միջոցներու ձեռնարկել, որպէսզի Ատրպէյճանի այս կեցուածքը փոխուի։