4 Յունիսին ղարաբաղեան–ատրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցած յարձակումին պատճառով վիրաւորուած զինուորական ծառայողներուն վիճակը բաւական լաւ է, անոնց մէկ մասը արդէն շուտով պիտի կարենան վերադառնալ բանակ։


Հրազէնային վէրքեր ստացած զինուորները փոխադրուած էին Երեւանի կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց: Անոնց վիրահատութեան ենթարկուած էին։ Անոնց կացութիւնը ծանր չէր, կեանքը վտանգուած չէր. արդէն քանի մը օր անց անոնք բաւական ապաքինած են եւ իրենք զիրենք աւելի լաւ կը զգան։
Հիւանդանոցի վնասուածքաբանութեան բաժանմունքի պետ Լեւոն Ժամագործեան հաստատած է. «Իմ հսկողութեան տակ գտնուող 2 զինուորները շուտով ոտքի կը կանգնեն»:
«Յունիսի 4ի առաւօտեան դէպքը կատարուել է, երեկոյեան մեզ մօտ էին արդէն: 2 զինուորին վիրահատել ենք, նորմալ է վիճակը, խնդիր չկայ, կը վերադառնան շարք: Հրազէնային վնասուածքներ ունէին ստորին վերջոյթներում: Մէկը շուտով ոտքի կը կանգնի, միւսը՝ դեռ կը բուժուի»: